Ցաւով կը նշենք, որ հայկական պատուիրակութիւնը դեռ պատասխան չէ տուած COP-29-ին մասնակցելու հրաւէրին: Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուականները, այս մասին COP29-ի շրջածիրէն ներս լրագրողներուն տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։
«Չնայած Հայաստանը գրանցուած է, սակայն անոր ներկայացուցիչներու մասնակցութեան մասին տեղեկութիւն դեռ չենք ստացած։ Եթէ հայկական կողմը չի մասնակցիր այս միջոցառման, բայց միաժամանակ կը խօսի տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ միջպետական շփումներու մասին, սա անգամ մը եւս կը վկայէ այն մասին, որ Հայաստանը կը ձգտի օգտագործել նման իրավիճակները բացառապէս իր միակողմանի քարոզչութեան նպատակով։ Ամէն պարագայի, Հայաստանն այս որոշումը կը կայացնէ ինքնուրոյն։ Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս նշել, որ Ատրպէյճանը՝ որպէս համաձայնութեան անդամ, լիովին կատարած է իր պարտաւորութիւնները եւ ստեղծած է բոլոր անհրաժեշտ պայմանները բոլոր պետութիւններու համար բովանդակալից, անհրաժեշտ եւ արդիւնաւէտ քննարկումներ կայացնելու համար»,-ըսած է Հաճիեւը:
Յիշեցնենք, որ երէկ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը յայտնած էր, որ Cop 29-ին մասնակցելու հետ կապուած Հայաստանը դեռ որոշում չունի։