image

Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդները միասնականութեան եւ համերաշխութեան կոչով.Ժողովին ներկայ էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառն ու Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը

Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդները միասնականութեան եւ համերաշխութեան կոչով.Ժողովին ներկայ էին  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառն ու  Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը

Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական հանդիպումի մը ընթացքին, երկրի հոգեւոր առաջնորդները քննարկեցին ներկայ տագնապներուն առնչուող հարցերը եւ ընդգծեցին ազգային միասնականութեան պահպանման կարեւորութիւնը։

Հանդիպման աւարտին ընդունուած յայտարարութիւնը դատապարտեց արտաքին յարձակումները, զօրակցութիւն յայտնեց տուժած բնակչութեան եւ վերահաստատեց պետական հաստատութիւններուն աջակցութիւնը։

Մասնակիցները նաեւ շեշտեցին քրիստոնեայ-իսլամ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ երկրի կայունութիւնն ու համերաշխութիւնը ամրապնդելու համար։

Լիբանանի տիւրզիներու համայնքապետարանին մէջ, այսօր՝ Երեքշաբթի, 2 Յունիս 2026-ին, Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերուհանդիպում մը կայացաւ: Այլ հոգեւոր պետերու կարգին, յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը եւ Շահէ Արք. Փանոսեանը:

Հոգեւոր պետերու խօսքերէն ետք, քննարկուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին կողմէ նախապէս պատրաստուած յայտարարութիւնը: Յայտնենք, որ յիշեալ յանձնախումբին մէջ հայ համայնքին կողմէ կը մասնակցի դոկտ. Ժան Սալմանեան: Քննարկումներու ընթացքին իւրաքանչիւր հոգեւոր պետ իր տեսակէտը պարզեց եւ ապա միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ յայտարարութիւնը: Անոր մէջ դատապարտուեցաւ Իսրայէլի յարձակումները, զօրակցութիւն յայտնուեցաւ գաղթականներուն, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն՝ Լիբանանի կառավարութեան, եւ շեշտուեցաւ տագնապալից այս օրերուն երկրին ներքին միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտ հրամայականը