Չինաստանի իշխանութիւնները կը ձգտին երկրի մայրցամաքային հատուածի խաղաղ վերամիաւորման Թայուանի հետ, սակայն միաժամանակ չեն բացառեր անհրաժեշտութեան պարագային ուժի կիրառումը։ Այս մասին կիրակի Սինկափուրի մէջ կայացած Shangri-La Dialogue անվտանգութեան համաժողովին ըսած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Լի Շանֆուն, գրած է ԹԱՍՍ-ը:
«Չինաստանը պէտք է վերամիաւորուի եւ պիտի վերամիաւորուի: Սա համահունչ է ժողովուրդի ձգտումներուն եւ մեր ժամանակի միտումներուն: Մենք անկեղծօրէն պիտի ձգտինք խաղաղ վերամիաւորման հեռանկարներուն եւ ատոր համար պիտի գործադրենք ամենամեծ ջանքերը, բայց մենք չենք խոստանար հրաժարիլ ուժի կիրառումէն»,-ըսած է Լի Շանֆուն։
Ան ընդգծած է, որ եթէ ոեւէ մէկը համարձակի առանձնացնել Թայուանը Չինաստանէն, ապա «Չինաստանի զինուորականները ոչ մէկ վայրկեան կը վարանին»։
«Մենք չենք վախնար հակառակորդներէն եւ վճռականօրէն պիտի պաշտպանենք ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ անկախ անկէ, թէ ինչ գնով կ'ըլլայ այդ», -ըսած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարը։
Լի Շանֆուն նշած է, որ Թայուանի նեղուցին մէջ լարուածութեան հիմնական պատճառը Թայպէյի վարչակազմի ջանքերն են՝ անկախութեան համար օտարերկրեայ աջակցութիւն ստանալու համար:
«Որոշ արտաքին ուժեր կը փորձեն Թայուանի օգնութեամբ զսպել Չինաստանը եւ միջամտել անոր ներքին գործերուն»,-ըսած է ան: