image

Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի եւ  Ս. Սարգիսի զոյգ տօները

Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի եւ  Ս. Սարգիսի զոյգ տօները

Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի եւ  Ս. Սարգիսի զոյգ տօները։

Ասոր մասին «Արեւելք» կը կարդայ Հալէպի «Գանձասար»էն։

Ստորեւ ներկայացուած լրատւութիւնը։

Շաբաթ, 15 Փետրուար 2025-ի առաւօտուն Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան ներկայացուցիչներու, Ինչպէս նաեւ ՍՕ Խաչի «Արցախ» Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած շրջապտոյտի մասնակիցներուն, մեկնեցաւ Տէրիք։ 

Տէրիքի մուտքին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամները դիմաւորեցին հայր սուրբը եւ շրջապտոյտի մասնակիցները, ապա բոլորը ուղղուեցան դէպի Պարապայթա Ս. Աստուածածին ուխտատեղին, ուր Տէր Պսակ քահանայ հօր գլխաւորութեամբ աղօթք տեղի ունեցաւ, ապա բացատրուեցաւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնի նշանակութիւնը։

 Հաճելի օդափոխութիւնը վայելելէ ետք, ներկաները ուղղուեցան հայկական կեդրոն։

Տէրիքի Թաղականութիւնը եւ ՍՕ Խաչի «Սարտարապատ» մասնաճիւղի անդամները  հանապազօրեայ հաց պատրաստած էին ներկաներուն համար։

Կէսօրին, հայր սուրբը Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան հետ հանդիպում մը ունեցաւ, ուր անդրադարձաւ Տէրիքի գաղութը  մտահոգող հարցերուն։

Հանդիպման ներկայ էին Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան ներկայացուցիչներ Խաչիկ Գասպարեան եւ Յարութ Աբրահամեան։

Երեկոյեան ժամը 4։30-ին, Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան մատուցեց Ս. Եւ Անմահ Պատարագ եւ Տեառնընդառաջի ու Ս. Սարգիսի զոյգ տօներու խորհուրդները բացատրեց ներկայ հաւատացեալներուն։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք եւ Խաչահանգիստի հոգեպարար արարողութիւն։

Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը, քահանայ հայրն ու ներկայ ժողովուրդը թափօր կազմած ուղղուեցան Ազգ. Ազատութիւն վարժարանի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը եւ աւանդական խարոյկի բոցավառումը։