Սուրիոյ բանակի հայազգի զինուոր Ներսէս Եաղլըճեան կը շարունակէ իր ծառայութիւնը Տէր Զօրի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հայ զինուորին հարազատներէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ան կը գտնուի Տէր Զօր քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ, եւ յառաջիկայ օրերուն շատ հաւանական է, որ Սուրիոյ բանակը յաջողի այդ շրջանին դէմ եղած «Տահէշ»ի պաշարման օղակը կոտրել: Վեց տարիներէ ի վեր ծառայութիւն կատարող հայազգի զինուորը վերջերս ծանօթներու միջոցաւ լուր ուղարկած է իր ծնողներուն, յայտնելով, որ ողջ-առողջ է եւ կը գտնուի ապահով վայրի մը մէջ:
Մեր տիրապետած տեղեկութիւններով, Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր Տէր Զօրի մէջ իրենց զինուորական ծառայութիւնը կատարած են եօթը հայ զինուորներ, որոնց երեքը զոհուած են, մէկը՝ անյայտ կորսուած, իսկ մնացեալ երեքը կը շարունակեն իրենց զինուորական ծառայութիւնը:
Յայտնենք, որ այս տեղեկութիւնները նախնական են, եւ շատ հաւանական է, որ եօթը զինուորներէն զատ ըլլան նաեւ այլ զինուորներ, որոնց մասին ցարդ տեղեկութիւն չէ տրուած: