image

Պաքու-Երեւան բանակցութիւնները Մոսկուայի հիմքերով. Ռուսական աղբիւր

Պաքու-Երեւան բանակցութիւնները Մոսկուայի հիմքերով. Ռուսական աղբիւր

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները կ'ընթանան Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020-2022 թուականներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու համալիրի հունով, ՌԻԱ Նովոսթիին տուած հարցազրոյցին յայտնած է Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Միխայիլ Եվտոքիմով։

«Կարեւոր է, որ երկու կողմերու (Պաքուի եւ Երեւանի) միջեւ բանակցութիւնները կ'ընթանան Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020-2022 թուականներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու համալիրի հունով։ Խօսքն, ապագայ պայմանագիրի համաձայնեցումէն բացի, կը վերաբերի նաեւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ սահմանագծման, շփումներու հաստատման քաղաքացիական հասարակութիւններու գիծով»,- ըսած է ռուս դիւանագէտը։