image

Ռուսիոյ տարածքին բնակավայրեր գրաւուած են. Ուքրանական աղբիւրներ

Ռուսիոյ տարածքին   բնակավայրեր   գրաւուած են. Ուքրանական աղբիւրներ

Քուրսքի շրջանին մէջ մարտերը կը շարունակուին: Ուքրանական աղբիւրները յայտնած են, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերն առաջ շարժած են, շարք մը ռուսական բնակավայրեր գրաւած եւ ռուս զինծառայողներ գերի վերցուցած:

Նաեւ նշուած է, որ ուքրանացի զինուորականները կ՚ամրապնդեն դիրքերը Սուճա քաղաքի շուրջ։ 

Ռուսիոյ ՊՆ-ն, սակայն, յայտարարած է, որ ուքրանական զինուած ուժերուն հարուածներ կը հասցուին, անոնց յառաջխաղացումը կը կասեցուի: Գերատեսչութիւնը յայտնած է, որ գիշերը ուքրանական տասնեակ անօդաչու սարքերով թիրախաւորուած են Պելկորոտի, Պրեանսքի, Լիփեցքի, Քուրսքի, Վորոնեժի, Օրեոլի շրջանները:

Լիփեցքի շրջանի շարք մը բնակավայրերու մէջ տարհանում յայտարարուած է, յայտնի է խաղաղ բնակչութեան շարքերէն տուժածներու մասին: