Օրերս, Երուսաղէմի մէջ, Սուրբ Անդրէի եւ Սուրբ Փիլիպպոսի տօնին առիթով, կատարուած է ամենամեայ ուխտագնացութիւն դէպի Հայոց Փիլիպպոսի աղբիւր-սրբավայր, որուն առջեւ տեղի ունեցած է մասնաւոր արարողութիւն, ապա մատաղ օրհնուած եւ բաժնուած է ներկաներուն:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան դիմատետրեան էջէն։
Շաբաթ, 30 Նոյեմբեր, 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Սուրբ Անդրէի եւ Սուրբ Փիլիպպոսի տօնին առիթով հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի կատարուեցաւ ամենամեայ ուխտագնացութիւն դէպի Հայոց Փիլիպպոսի աղբիւր-սրբավայր: Ուխտագնացութեան ներկայ էին Սուրբ Ուխտիս Միաբան հայրեր, Ժառանգաւորացի եւ Ընծայարանի ուսանողներ, ուսուցիչներ եւ Սաղիմահայեր: Աղբիւր-սրբավայրին առջեւ տեղի ունեցաւ մասնաւոր արարողութիւն, եւ ապա մատաղ օրհնուեցաւ եւ բաժնուեցաւ ներկաներուն:
Ս. Փիլիպպոսի աղբիւրին մասին յիշատակութիւնը կը գտնուի Գործք Առաքելոց գրքին մէջ (Գործք. 8:26-40)։
Տեղեկութիւններ կան նաեւ Տիգրան Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» հատորին մէջ, ուր կ'ըսէ թէ 1099-ին Խաչակիրներ Երուսաղէմը պաշարելու ատեն, տապէն փրկուելու համար ջուր կը բերէին 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Փիլիպպոսի աղբիւրէն: Իսկ 1857-ին Յովհաննէս Զմիւռնացի Պատրիարք կը գննէ աղբիւրին հողակտորը: Իր կեանքի մայրամուտին Յովհաննէս Պատրիարք յաճախ կու գար աղբիւրի շրջափակին մէջ հանգստանալու, մանաւանդ իր շնչառական հիւանդութեան օրերուն:
Աղբիւրի տարածքը եւ շրջակայ այգիները կը պատկանին Հայոց Պատրիարքութեան եւ կը կազմեն 32.000 քառակուսի մեթր: Տարածքը կը գտնուի Երուսաղէմէն Քեբրոն եւ Կազա տանող ճանապարհներու վրայ: Հոն գտնուող եկեղեցիէն ցաւօք միայն խոնարուած պատեր մնացած են: