image
Հրատապ լուրեր:

Տեառնընդառաջը Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ. Արարողութեանց նախագահած է Արհիապատիւ Հայր Գրիգոր Եպս. Պատիշահը

Տեառնընդառաջը Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ. Արարողութեանց նախագահած է Արհիապատիւ Հայր Գրիգոր Եպս. Պատիշահը

Հետեւելով Արեւմտեան տօնացոյցին օրերս Տեառընդառաջի տօնը նշուած է Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ։

Արարողութեանց հանդիսապետած է եւ օրուան խորհուրդին մասին յաւուր պատշաճի քարոզ արտասանած Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Հայր Գրիգոր Եպս. Պատիշահը։

Ստորեւ ատոր մասին տրուած թղթակցութիւնը։

Տեառնընդառաջ կամ Յիսուս մանուկին տաճար ընծայման տօն, Ընդհանրական Եկեղեցին զայն կը տօնակատարէ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնէն 40 օրեր ետք, որ կը զուգադիպի Փետրուարի 2-ին: Հետեւաբար տօնին նախորդող երեկոյին, այսինքն` նախատօնակի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, մոմերու եւ աշխարհի չորս ծագերու անդաստանի օրհնութիւնը կը կատարուի:

Առ այդ, Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ` Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Հայր Գրիգոր Եպս. Պատիշահի, Տեառնընդառաջի Երեկոյեան ժամերգութիւնը կատարուեցաւ մասնակցութեամբ` ժողովրդապետութեան հայրերուն, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Առաքինազարդ Հայ Քոյրերու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Ժամերգութեան ընթացքին օրհնուեցան մոմերը, ապա Ս. Պատարագ մատուցանեց Գերապայծառ Տէրը, առընթերակայութեամբ վերոյիշեալ վարդապետներուն:

Ս. Զոհին, Գերապայծառ Պատիշահը հակիրճ ձեւով քարոզեց տօնին իմաստն ու ծագումնաբանութիւնը, եւ անդրադարձաւ Սիմէոն ծերունիի յատկանիշներուն մասին ըսելով. «Ան արդարութեամբ ապրելով մահկանացուն չկնքած, կարողացաւ տեսնել Ամենասուրբ Փրկչին դէմքը, հետեւաբար մենք եւս եթէ արդար ըլլանք, անպայման մեր հոգիները փրկութեան պիտի հասցնենք:» Ապա աւելցուց. «Սիմէոն, ոչ միայն արդար էր, այլեւ բարեպաշտ ու Աստուածավախ: Այստեղ մեր արդարութիւնն ու բարեպաշտութիւնը զուգահեռ ընթանալով Ս. Հոգւոյ շնորհքները վայելելու առիթը կ'ունենանք»։ Գերապայծառ Տէրը աւարտեց իր խօսքը հրաւիրելով հաւատացեալներուն ապրիլ սիրով, զգաստութեամբ եւ Աստուածպաշտութեամբ:

Ս. Պատարագի աւարտին, ներկաները թափօրով ժողովրդապետութեան մարզադաշտին վրայ անդաստան կազմեցին, ուր կղերական դասը օրհնեց աշխարհի չորս ծագերը Ս. Երրորդութեան Անունով, Ս. Խաչի նշանով եւ Ս. Աւետարանի Խօսքով:

Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող խարոյկէն, հաւատացեալները վառեցին իրենց օրհնուած մոմերը ու Քրիստոսի Լոյսը իրենց տուները տարին:

«Օրհնեալ ըլլայ Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով:»