image

Ճէյմս Ուրոլիք Կը Դատապարտէ Անզէն Քաղաքացիներու Դէմ Գրանցուող Ազրպէյճանի Գործողութիւնները (Լուսանկար)

Ճէյմս Ուրոլիք Կը Դատապարտէ   Անզէն Քաղաքացիներու Դէմ   Գրանցուող Ազրպէյճանի Գործողութիւնները (Լուսանկար)

Ղարաբաղեան  հիմնախնդրի    կարգաւորման  համար ճիգեր իրականացնող ԵԱՀԿ Մինսքեան խումբի  ամերիկացի համանխագահ      Twitter-եան  գրառում մը կատարելով   դատապարտած է,  Արցախեան սահմանին տիրող լարուածութիւնը եւ    անզէն բնակչութեան  դէմ    տեղի ունեցող գնդակոծումները : Ուորլիք,որ    իր էջին վրայ  տեղադրած է  վերջին օրերուն ազրպէյճանեան կողմին կողմէ   օգտագործուած  արկի մը պատկերը նաեւ ըսած է, որ իրենք կը հաւատան, որ  Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը   կարելի է լուծել  միայն խաղաղ    բանակցութիւններու ճանապարհով: Յիշեցնենք, որ  վերջին շրջանին  Ազրպէյճան       հրանետային հրթիռներ  կ'արձակէ հայկական  խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ եւ այս տուեալին որպէս հիմնաւորում ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ արկերէն մէկուն  լուսանկարը տարածած էր եւ նոյն նկարը երեւցած էր  Ուորլիքի  էջին վրայ: