image

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն արձագանգած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Նաթանիահուի յայտարարութեան

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն արձագանգած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Նաթանիահուի յայտարարութեան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն արձագանգած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին յայտարարութեան, այդ համարելով քաղաքական շահարկումներու փորձ։

«Նաթանիահուի յայտարարութիւնները 1915-ի իրադարձութիւններու վերաբերեալ անցեալի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնները քաղաքական նպատակներով շահարկելու փորձ են։

Պաղեստինի ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութիւն իրականացնող Նաթանիահուն կը փորձէ թաքցնել իր եւ իր կառավարութեան կողմէ գործուած յանցագործութիւնները։

Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք այդ յայտարարութիւնները, որոնք կը հակասեն պատմական եւ իրաւական փաստերուն»,-ըսուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն օգոստոս 26-ին ամերիկեան յայտնի փոտքասթըր Փաթրիք Պեթ-Տաւիտի հետ զրոյցին յայտարարած է, որ ինքը, որպէս վարչապետ, կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։