image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիա. Իսրայէլեան յարձակումներէն զինուորներ զոհուած են

Սուրիա. Իսրայէլեան յարձակումներէն զինուորներ զոհուած են

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու անօդաչու թռչող սարքերը թիրախաւորած են Դամասկոսի շրջանի ալ-Քիսուա քաղաքի մօտակայքի ռազմական կեդրոնը, որուն հետեւանքով Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան վեց զինուորականներ զոհուած են։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին գրած է Syria TV-ն։

Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին նաեւ 4 վիրաւորներու մասին։

Բացի այդ, կէսգիշերէն ետք իսրայէլեան ուժերը ներխուժած են ԼՔունեյթրայի շրջանի Սուեյսա քաղաք եւ կրակ բացած բնակելի թաղամասերու վրայ։ Անոնք ձերբակալած են երիտասարդ մը։

Աւելի վաղ իսրայէլեան ուժերը ներխուժած էին Սուրիոյ Քունեյթրայի շրջանի Թրինճա գիւղը, խուզարկած քանի մը տուներ եւ կրակ բացած տուներէն մէկուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով երիտասարդ մը զոհուած էր։

2024 թուականի Դեկտեմբերին՝ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռանալէն ետք, Իսրայէլ ցամաքային ներխուժումներ կը կատարէ Սուրիոյ Քունեյթրայի եւ Տարաայի շրջաններուն մէջ՝ վերահսկողութիւն հաստատելու համար բախարգելային գօտիին վրայ։