Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած գերմանացի (թուրք արմատներով) քաղաքական գործիչ Ճէմ Էօզտէմիր, Գերմանիոյ մէջ ծանր եւ զայրոյթ պատճառող արարքի մը ականատես դարձած է:
Էօզտէմիր, Պէրլինէն թաքսիով տեղ հասնելէ ետք փոխադրութեան գումարն ու նուէր մը յանձնած է վարորդին, բայց վարորդը անսպասելի պատասխան տուած է անոր, ըսելով. «Չեմ ուզեր այդ դրամը, այդ դրամին վրայ նահատակի արիւն կայ»: ճէմ Էօզտէմիր այս պատասխանին վրայ սաստիկ զայրացած է եւ այնուհետեւ թաքսիի գրասենեակի եւ Թաքսիներու Միութեան նամակ մը գրած է, յայտնելով իր զայրոյթը:
Միութեան նախագահ Լէսզէք Նատօլսքին անոր պատասխանած է, որ Պերլինի թաքսիի վարորդները թաքսիներու տաս առ հարիւրը միայն կը ներկայացնեն, ուստի ինք այս նիւթի շուրջ ընելիք ոչինչ ունի:
Էօզտէմիր իր նամակի վերջին մասին մէջ պատմած է հետեւեալ կերպով.« Երբ հասայ այն տեղը, ուր կ'երթայի, վճարեցի դրամը եւ այս դրամին հետ ձեռաձիր մըն ալ յանձնեցի վարորդին: Բայց շարժավարը դրամը մերժեց, յայտնելով, որ պետական հարուածի ընթացքին մահացած թուրքերու արիւնը կայ այս դրամին վրայ: Այս ազգայնապաշտ մարդոց բացայայտ ձեւով պէտք է բացատրել, թէ Գերմանիոյ մէջ կ'ապրին»:
Այնուհանդերձ դիմումը մնացած է անլոյծ: