image
Հրատապ լուրեր:

Մեր հարուածը՝ Իրանին, պիտի ըլլայ մահացու, ճշգրիտ եւ անսպասելի. Իսրայէլի ՊՆ նախարար

Մեր հարուածը՝ Իրանին, պիտի ըլլայ մահացու, ճշգրիտ եւ անսպասելի. Իսրայէլի ՊՆ նախարար

Իսրայէլի հարուածն Իրանին պիտի ըլլայ «մահացու, ճշգրիտ եւ շատ անսպասելի», յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը:

Ելոյթ ունենալով Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի 9900 հետախուզական ստորաբաժանուման մէջ՝ Կալանթը նշած է, որ Իրանը «պիտի չհասկնայ՝ ինչ պատահեցաւ իր հետ եւ ինչպէս»: Այս մասին գրած է Times of Israel-ը:

Կալաթն ընդգծած է, որ հոկտեմբեր մէկի գիշերն Իրանի կողմէ Իսրայէլի ուղղութեամբ 181 պալիսթիք հրթիռներու արձակումը «զօրաւոր էր, բայց ձախողած էր, քանի որ ատոնք ճշգրիտ չեն խոցած թիրախները»:

Կալանթը շեշտած է, որ յարձակման ժամանակ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը չէ տուժած: Անոր պնդմամբ՝ իսրայէլեան օդուժի ռազմակայաններու բոլոր թռիչքուղիները կը գործեն, ոչ մէկ օդանաւ վնասուած է, ոչ ալ տուժած են զինուորներ կամ քաղաքացիական անձինք:

Կալանթի խօսքով՝ իսրայէլեան անվտանգութեան ողջ համակարգը՝ ցամաքի վրայ գտնուող զինուորէն մինչեւ վարչապետ, համաժամանակեցուած է Իրանի դէմ հարուածի շուրջ:

Միեւնոյն ժամանակ Իրանը հրապարակած էր արբանեակային լուսանկարներ՝ ապացուցելով, որ իր հարուածէն իսրայէլեան օդուժի ռազմակայանները վնասներ կրած են: