image

Ուքրանիոյ ի պատասխան. Ռուսիա հարուածած է Օտեսան (Լուսանկարներ)

Ուքրանիոյ  ի պատասխան. Ռուսիա հարուածած է Օտեսան (Լուսանկարներ)

Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը 23 յուլիսի առաւօտեան յայտնած է, որ երկրի զինուած ուժերը գերճշգրիտ զէնքերով հրթիռային յարձակում գործած են Ուքրանիոյ Օտեսայի մարզին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան վայրերու վրայ։ Ըստ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան՝ այդ վայրերուն մէջ ահաբեկչական յարձակումներ կը նախապատրաստուէին Ռուսիոյ դէմ, կային օտարերկրեայ վարձկաններ, գրած է kommersant.ru-ն։

Գերատեսչութեան տուեալներով՝ տուժած կառոյցներուն մէջ գտնուած են օտարերկրեայ վարձկաններ։ Բոլոր թիրախները, որոնք նախատեսուած էին հարուածի համար, ոչնչացած են։

Ըստ ռուսական կողմի՝ հարուածները կը համարուին 17 յուլիսին Խրիմի կամուրջի վրայ պայթումի պատասխանը։

Նշենք, որ 23 յուլիսին Ուքրանիոյ զինուած ուժերու «Հարաւ» դաշտային հրամանատարութիւնը յայտնած էր, որ գիշերը ռուսական զօրքերը  Օտեսայի վրայ յարձակած են առնուազն հինգ տեսակի հրթիռով։ Հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը խոցած են 14 հրթիռ, ըսուած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հաղորդագրութեան մէջ։ Ուքրանական կողմի հաղորդագրութեան մէջ հաղորդուած է, որ հարուածները հասցուած են նաւահանգստային ենթակառուցուածքուն, վնասուած է վեց բնակելի շէնք։ Բացի այդ, Ուքրանիոյ զինուած ուժերու զեկոյցին մէջ նշուած է, որ հարուածներէն տուժած է Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ Սփասո-Փրեոպրաժենսքի տաճարը, վնասուած է առնուազն երկու յուշարձան։ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու տուեալներով՝ հաստատուած է 1 մարդու մահ, վիրաւորուած է 19 մարդ, այդ շարքին՝ 4 երեխայ։

Մինչդեռ korrespondent.net-ը աւելցուցած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ «ռուս ահաբեկիչները պատասխան պիտի ստանան խաղաղ Օտեսայի վրայ յարձակումներու համար»:

«Հրթիռներ ընդդէմ խաղաղ քաղաքներու, բնակելի շենքերու, տաճարի... Ռուսական չարիքին արդարացում չի կրնար ըլլալ: Ինչպէս միշտ, այս չարիքը պիտի պարտուի: Եւ Օտեսայի համար ռուս ահաբեկիչները անպայման պատասխան պիտի ստանա: Անոնք պիտի զգան այս պատասխանը»,- խոստացած է պետութեան ղեկավարը: