Օրերս Լիբանանի Պեքաա շրջանին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի մրցաշարքի ծիրէն ներս հերթականին նման փայլուն արդիւնքներ գրանցած է ՀՄԸՄ-ի Այնճարի խումբը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՄԸՄ-ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
3 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ Ճատրակի վերջին հանգրուանը, Պէքայի զտումներուն 2-րդ դասակարգի խմբային խաղերուն, ուր Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճար գրաւեց առաջին դիրքը 14 կէտով։
Այս ձեւով Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճար գրաւեց իր խմբակին պարագլուխի դիրքը, ապահովելով 2-րդ դասակարգի Բ. Հանգրուանին տոմսը։
Շնորհաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ յաջողութիւն յաջորդ հանգրուանին։