image

Ճատրակի մրցումներ. ՀՄԸՄ-ի Այնճարի խումբը դարձեալ կը փայլի

Ճատրակի մրցումներ. ՀՄԸՄ-ի Այնճարի խումբը դարձեալ կը փայլի

Օրերս Լիբանանի Պեքաա շրջանին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի մրցաշարքի ծիրէն ներս հերթականին նման փայլուն արդիւնքներ  գրանցած է ՀՄԸՄ-ի Այնճարի խումբը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՀՄԸՄ-ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

3 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ Ճատրակի վերջին հանգրուանը, Պէքայի զտումներուն 2-րդ դասակարգի խմբային խաղերուն, ուր Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճար գրաւեց առաջին դիրքը 14 կէտով։

Այս ձեւով Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճար գրաւեց իր խմբակին պարագլուխի դիրքը, ապահովելով 2-րդ դասակարգի Բ. Հանգրուանին տոմսը։

Շնորհաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ յաջողութիւն յաջորդ հանգրուանին։