image

Տաւութօղլու. «Մենք Տեղեակ Ենք, PKK -ASALA Համագործակցութեան Մասին»

Տաւութօղլու. «Մենք Տեղեակ  Ենք,  PKK -ASALA  Համագործակցութեան Մասին»

Թուրքիա- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու  PKK-ի   դէմ իր       կատարած հերթական յայտարարութեանց  ծիրէն ներս երէկ նաեւ խօսած է   ASALA -ի  («Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ») մասին: Տաւութօղլու, որ խօսած է  «Միլլիյէթ»ին նկատել տուած է, որ իրենք գիտեն PKK-ի եւ  ASALA-ի միջեւ առկայ համագործակցութեան մասին: «Մենք լաւ գիտենք, որ      պաղ պատերազմի  ժամանակ ով ստեղծեց  PKK-ն: Մենք տեղեակ  ենք հայկական ահաբեկչական    ASALA    կազմակերպութեան  եւ ASALA-ի  համագործակցութեան մասին»   ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը: Տաւութօղլու նաեւ վստահեցուցած է, որ Թուրքիան չի  վերադառանար   1990-ական թուականներ: