image

Լաւրով ցաւ յայտնած է, Թուրք-ուքրանական ռազմական համագործակցութեան համար

Լաւրով ցաւ յայտնած է,  Թուրք-ուքրանական ռազմական համագործակցութեան համար

Անգարայի եւ Քիեւի միջեւ ռազմական համագործակցութեան շարունակութիւնը տարակուսելի է՝ հաշուի առնելով թրքական իշխանութիւններու յայտարարութիւնները ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորմանն աջակցելու իրենց պատրաստակամութեան մասին:

Այս մասին Hurriyet թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Ցաւօք, Անգարան կը շարունակէ համագործակցիլ Քիեւի «ռեժիմի» հետ ռազմատեխնիկական ոլորտի մէջ։

Թրքական զէնքը կ՚օգտագործուի Ուքրանիոյ զինուած ուժերու կողմէ ռուս զինուորականներու եւ խաղաղ բնակիչներու սպանութեան համար։

Սա չի կրնար տարակուսանք չառաջացնել՝ հաշուի առնելով թրքական ղեկավարութեան յայտարարութիւնները միջնորդական ծառայութիւններ մատուցելու պատրաստակամութեան մասին»,-ըսած է Լաւրովը:

Լաւրովը աւելցուցած է, որ Ռուսիան բաց է քաղաքական կարգաւորման համար։

«Մենք բաց ենք քաղաքական կարգաւորման համար:

Բայց մենք պէտք չէ խօսինք ժամանակաւոր հրադադարի մասին, այլ հակամարտութիւնը դադրեցնելու մասին՝ վերացնելով ատոր բուն պատճառները։

Ատոնց շարքին են ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը դէպի արեւելք, Ռուսիոյ անվտանգութեան կենսական շահերու համար սպառնալիքներու ստեղծումը եւ Քիեւի «ռեժիմի» կողմէ ռուսերու եւ Ուքրանիոյ ռուսալեզու բնակիչներու իրաւունքներու խախտումը»,- ըսած է նախարարը։