image

Տ. Յովնան Արք. Ողջունած է Գալիֆորնիոյ նահանգապետին որոշումը

Տ. Յովնան  Արք.   Ողջունած է  Գալիֆորնիոյ  նահանգապետին որոշումը

Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութիւնը ողջունեց 2016-2017 տարեշրջանի նահանգային ամավարկը ստորագրելու Գալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունի    27 յունիսի որոշումը, նկատի ունենալով, որ նահանգային խորհրդարանին կողմէ 16  յունիսին  վաւերացուած ամավարկով մէկ միլիոն տոլար պիտի յատկացուի Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին։ «Թանգարանին կառուցման նախնական հանգրուանին կատարուող այս օժանդակութիւնը նոր մղում պիտի տայ ծրագիրին», կը յայտնէ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ Յովնան արք. Տէրտէրեան։ Նշենք, որ   թանգարանի վարչութիւնը  ներկայացնող պատուիրակութիւն մը  անցնող  27 Մայիսին հանդիպում մը ունեցած էր ամերիկացի պատասխանատուներու հետ յատկացումը ապահովելու նպատակով։ Ամերիկահայութեան թանգարանին գլխաւոր նպատակն է ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով՝ փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել: Թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական ինը կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանը, «Նոր Օր» Բարեգործական Հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը: