image

Այս 2 որոշումը Հայաստանի կողմէ երկար սպասուած էին եւ կ՚ամրապնդեն մեր գործընկերութիւնը . Պորել

Այս 2 որոշումը Հայաստանի կողմէ երկար սպասուած էին եւ կ՚ամրապնդեն մեր գործընկերութիւնը . Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել, մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրօ տրամադրելու եւ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման երկխօսութիւն սկսելու համար «կանաչ լոյս վառելու» որոշումները, նշած է որ ատոնք պիտի ամրապնդեն Եւրոպական Միութեան գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ:

«Այս երկու որոշումը Հայաստանի կողմէն երկար սպասուած էին։ Ես շատ ուրախ եմ, որ այդ կրնայ վերջնականապէս համաձայնեցուիլ մինչեւ ամառնային արձակուրդը, քանի որ գիտէք՝ որքան լարուած է իրավիճակը Կովկասի մէջ: Այդ պիտի ամրապնդէ մեր գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ», - նշած է Պորել:

Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 10 միլիոն եւրօ։ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու համար տրամադրուելիք օգնութեան նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինուած ուժերու նիւթատեխնիկական կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւման: 

Որոշումը կայացուած է Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան շրջածիրէն ներս եւ հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ, ուղղուած է Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանման։ Այն նաեւ նպատակ ունի բարձրացնել Հայաստանի դիմադրողականութիւնը, արագցնել զինուած ուժերու փոխգործունակութիւնը հետագային երկրի կողմէ միջազգային, այդ շարքին՝ Եւրոպական Միութեան կողմէ կազմակերպուած ռազմական առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն հնարաւոր մասնակցութեան պարագային։ Ըստ որոշման՝ աջակցութիւնը թոյլ կու տայ գումարտակի չափով ստորաբաժանման համար ապահովել լիարժէք վրանային ճամբար: