image

Սուրիոյ Քիւրտերը Ընտրած Են Անկախութեան Ճամբան, Սակայն...

Սուրիոյ Քիւրտերը Ընտրած Են Անկախութեան Ճամբան, Սակայն...

Սուրիա- («Ալ Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Սուրիական բոլոր խումբերու կողմէ մերժողական եւ դատապարտական ձայներ բարձրացուած են հինգշաբթի օր քիւրտերու կողմէ երկրի հիւսիսային հատուածին «Դաշնային պետութիւն» հռչակման յայտարարութեան դէմ: Այս մասին կը գրէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան դաշնութիւնը հաստատած է իր մերժումը քրտական դաշնային ռէժիմին, զգուշացնելով «Սուրիոյ ժողովուրդի կամքը անտեսող մարմիններ կամ շրջաններ» կազմելէ, եւ ընդգծելով, որ «Սուրիոյ պետութեան ապագայ կառոյցի ձեւը մէկ հատուածի որոշումով կարելի չէ, այլ միայն Սուրիոյ սահմանադիր համաժողովէ մը ետք առնուած որոշումներով, որ նաեւ պիտի ստանձնէ երկրի նոր օրէնսդրութեան մշակումը»: 

Նշենք, որ քիւրտերու կողմէ  «դաշնային պետութեան» հռչակումը եղած էր Սուրիոյ Ալ-Հասաքէ նահանգի Րմըայլան քաղաքին մէջ գումարուած ժողովի մը արդիւնքով: Րըմայլանի ժողովին հիմնական քրտական երեք կուսակցութիւններուն կողքին մասնակցած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին գտնուող աւելի քան 150 ներկայացուցիչներ: Սոյն յայտարարութեան  առաջին հակազդողը եղած էր Սուրիոյ կառավարութիւնը, որ նաեւ նշած էր, թէ նման յայտարարութիւններ իրաւական կամ քաղաքական գետնի վրայ արժէք մը չեն ներկայացներ: Ուաշինկթըն իր հերթին նոյնպէս յայտարարած էր, որ «պիտի չճանչնայ ինքնավար մարզերու գոյութիւն մը Սուրիոյ մէջ», նշելով որ նման որոշում մը պէտք է կայացուի Ժընեւի բանակցութիւններուն մասնակից բոլոր կողմերու միաձայնութեամբ եւ Սուրիոյ ժողովուրդի կամքով:

Այստեղ տեղին է նշել, որ քրտական կուսակցութիւնները չէին հրաւիրուած Ժընէւի բանակցութիւններուն, հակառակ Ռուսիոյ կողմէ այդ մասին եղած թելադրութեան: