Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) ներկայացուցիչները Իսրայէլի միջնորդութեամբ կը փորձեն ԱՄՆ-ն համոզել դուրս չբերել զօրքերը Սուրիայէն: Այս մասին գրած է թրքական իշխանամէտ Yeni Şafak թերթը՝ յղում ընելով իսրայէլեան բաց աղբիւրներուն։
Դեկտեմբեր 28-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռախօսազրոյցին յայտարարած էր`անընդունելի է, որ քիւրտ զինեալները պատսպարուին Սուրիոյ տարածքին մէջ»:
«Իսրայէլեան KAN պետական հեռուստատեսութիւնը հաղորդած է, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան հատուածը գրաւող PKK/YPG ահաբեկչական կազմակերպութիւնը դիմած է Իսրայէլին՝ օգնութեան համար, որ Ուաշինկթընի վարչակազմը համոզեն Միացեալ Նահանգներու զօրքերը դուրս չբերել տարածաշրջանէն»,-ըսուած է հրապարակման մէջ:
Թերթի տուեալներով՝ «YPG-ն խուճապի մէջ է Սուրիայէն Միացեալ Նահանգներու զօրքերը դուրս բերելու հեռանկարի պատճառով»։
«PKK/YPG-ի անդամը KAN-ին ըսած է, որ եթէ Իսրայէլը միջազգային հարթակներու վրայ քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերէ կազմակերպութեան եւ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբը համոզէ շարունակել աջակցիլ Սուրիոյ մէջ «միջազգային դաշինքին» եւ դադրեցնել «Թուրքիոյ կողմէ սպառնալիքները», այդ պատմական շրջադարձային պահ պիտի դառնայ PKK/YPG-ի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններուն մէջ»,-ըսուած է հրապարակման մէջ: