image

Սուրիոյ պատերազմին աւարտը հոկտեմբերի՞ն

Սուրիոյ պատերազմին աւարտը հոկտեմբերի՞ն

  Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տէ Միսթուրայի կարծիքով Սուրիոյ պատերազմը պիտի աւարտի յառաջիկայ հոկտեմբերին:

 

 Տէ Միսթուրա, որ այս մասին խօսած է, նաեւ ըսած է, թէ ներկայ պահու դրութեամբ Սուրիոյ մէջ կան երեք շրջաններ, որոնք կը համարուին ահաբեկիչներու գլխաւոր կեդրոններ եւ այդ շրջաններն են՝ Ռաքքան, Տէր Զօրը եւ Իտլիպը:

 

 Ան նաեւ դիտել տուած է, որ Ռաքքայի ազատագրումը սարերու ետին չէ, նշելով, որ այդ  շրջանը «Տահէշ»էն ազատագրելու համար կարեւոր ճիգեր կը տանին Սուրիոյ բանակը, քիւրտ դեմոկրատական ուժերը եւ միջազգային դաշինքի  ուժերը:

 

 Տէ Միսթուրա իր խօսքը եզրակացնելով հաւաստած է, որ վերոնշեալ շրջաններու ազատագրումէն ետք է, որ յստակ պիտի դառնայ թէ Սուրիան մտած է խաղաղութեան փուլ մը եւ այն ատեն երկրին մէջ պէտք է կ'այացուին ազատ եւ արդար ընտրութիւններ: