Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք առաջին անգամ Դամասկոս–Հալէպ թռիչք կատարուած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է AFP-ն:
Օդանաւին մէջ եղած է 32 մարդ, այդ շարքին՝ լրագրողներ։
Աւելի վաղ յայտարարուած էր, որ Սուրիոյ խոշորագոյն օդակայանները (Դամասկոսի եւ Հալէպի) զինուած ընդդիմութեան կողմէ քաղաքներու գրաւման պատճառով մինչեւ դեկտեմբեր 18-ը եւ 17-ը դադրեցուցած են աշխատանքը:
Դեկտեմբեր 17-ին յայտարարուած է, որ Դամասկոսի միջազգային օդակայանը մինչեւ դեկտեմբեր 24-ը թռիչքներ պիտի չսպասարկէ, բացի այն թռիչքներէն, որոնք համապատասխան թոյլտւութիւն կը ստանան քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութենէն: