Սահմանադրութիւն մը ինքնիշխան որեւէ պետութեան մը ողնասիւնն է, իր ալֆան եւ օմեկան: Այդ օրէնսդրագիրքի յօդուածներու տառին ու ոգիին շուրջ կը կառուցուին բոլոր հասարակական – հանրային ոլորտներու հետ շաղկապուող օրէնսդրութիւնները, որոնք կը մշակուին տուեալ պետութեան վաւերական օրէնսդիր մարմինի-ժողովի մը կողմէ, օրինակ` երեսփոխանական ժողով: Անոր եզրակացութիւնները նաեւ պէտք է արժանանան ժողովրդային հանրաքուէի կամ անոր ներկայացուցիչներու հաւանութեան:
Պէտք է ընդունինք, որ այսքա՜ն արագ եւ բոլոր օրինաչափութիւններուն եւ կանխատեսումներուն հակառակ` միջազգային գերուժերու ստեղծած գետնի վրայ նոր կացութիւնը այլ բան չի յուշեր, եթէ ոչ այն, որ «Ապագայ Սուրիան» երբե՛ք պիտի չյիշեցնէ վաղեմի ծանօթ Սուրիան:
Հանդիպեցայ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մը պատրաստութեան նախագիծին վերաբերող տեսերիզի մը, որ կ՛առաջադրէ ընդհանուր գիծերու մէջ, մեծ վերնագիրներու սեւագիր մը ներկայացնելով, ուրուագծել նոր սահմանադրութիւն մը: Բայց, վերիվարոյ ներկայացուածը յաղթական կողմի մը եւ իսլամական-կրօնական յստակ կողմնորոշումներով հատուածի մը հաւատոյ հանգանակէն (doctrine) բխած պատկերացումներ են: Անձնապէս տուեալ պաշտօնեային վարած պաշտօնին հաւաստիութեան ու օրինականութեան փաստը չունիմ (Խալետ Ճտիտ, նախագահ` Բարձրագոյն ազատ դատական ատեանի հիմնարկի). ան իր խօսքին մէջ կը հաստատէ, որ` «Հաւատալով Սուրիոյ ժողովուրդին` հիմնելու արդի օրերու քաղաքացիական (civil), ժողովրդավար պետութեան մը իրաւունքը, կարգաւորելու համար գալիք անցումային փուլը…»:
Նկատառելի է, որ առաջադրուած կարգ մը օրէնսդրական յօդուածները նորութիւն չեն, անոնք արդէն իսկ գոյ էին անցեալի տարիներու օրէնսդրական-սահմանադրական տրամադրութիւններուն մէջ:
Պէտք է ընդունինք, որ ցարդ արձանագրուած բոլոր կիսապաշտօնական եւ պաշտօնական քաղաքական եւ վարչական յայտարարութիւնները` նոր ձեւաւորուած վարչակարգի ներկայացուցիչներու կողմէ, ըլլա՛յ բարի կամեցողութեան մղումներէ բխած, ըլլա՛յ կասկածելի թաքուն նպատակներով ընդգծուած, բոլոր այդ կաղապարի տրամադրութիւնները, օրէնսդրական հիմք չունին: Բախտաւոր պարագային հաճոյալի` ականջի լաւ սազող մեղեդիի ազդեցութեամբ, վստահութեան «մուրացկանութիւն» հայցող խօսքերու սահմանէն անդին չեն անցնիր: Հետեւաբար այս սահմանադրական սեւագրութեան ներկայացումը թերեւս ընդդիմադիր մասնակի կողմի մը առաջին փորձն է, ուշագրաւ քայլ մը` ուրուագծելու ապագայ Սուրիոյ դիմագիծի մը պատկերացումը:
Պէտք է ընդունինք, որ կարելի չէ նոր հասկացողութիւններով զերոյէն պետականութիւն կառուցել` յեղափոխական աքթերով իրականացած իշխանութիւններու փոփոխութեամբ: Արագ մատիտի հարուածներով կարելի չէ նոր համակարգ մը կառուցել: Որեւէ պետական համակարգ պէտք է ունենայ իր զարգացման տրամաբանութիւնն ու իրաւական ընթացակարգը, որուն մէջ պատմական, մշակութային, քաղաքական եւ դատական ժառանգութիւնը, մարմնաւորուած պետականութեան ողնասիւնը կազմող սահմանադրութեամբ, կը խաղայ առանցքային դեր` պետականութեան գոյացման ու ամրագրման իր բոլոր բաղադրիչ մանրամասնութիւններով:
Դատաւոր Խալետ հետեւեալ խտացուած մտքերը կը ներկայացնէ հանրութեան.
1- Սուրիան ինքնիշխան պետութիւն է, եւ կարելի չէ զիջիլ իր հողային տարածքի ամբողջութենէն:
2- Պետական կրօնը իսլամութիւն է: Պէտք է յարգուին ոչ իսլամներու կրօնական ազատութիւններն ու ծիսակատարութիւնները:
3- Հանրապետութեան նախագահը իսլամ պէտք է ըլլայ:
4- Արաբերէնը պետութեան պաշտօնական լեզուն է, սակայն պիտի յարգուին տեղական փոքրամասնութիւններու լեզուական եւ մշակութային իւրայատկութիւնները:
5- Իսլամական շարիաթի հիման վրայ պիտի մշակուին օրէնսդրութիւնները, որոնք նաե՛ւ կ՛երաշխաւորեն փոքրամասնութիւններու կրօնական իւրայատկութիւնները:
6- Նոր պետութեան քաղաքական կեանքը պիտի ունենայ բազմակուսակցական բնոյթ:
7- Պետութիւնը պաշտպան պիտի հանդիսանայ ազատ կարծիքի արտայայտման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, առաւել` իշխանութիւններու տարանջատման:
8- Պետութիւնը կ՛երաշխաւորէ կիներու իրաւունքներն ու կը քաջալերէ անոնց մասնակցութիւնը հանրային կեանքի մէջ:
9- Գործադիր իշխանութիւն:
Անցումային կառավարութեան մը կազմութեամբ անոր կը վստահուի համակարգել ու ղեկավարել պետական աշխատանքները, առաւել` մնայուն սահմանադրութիւն մշակելու աշխատանքները, ժողովուրդի ներկայացուցիչներու ճամբով:
10- Յատուկ դատարան յառաջացնել պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի եւ անոր հետեւորդներուն դէմ: Այս դատարաններու բաղադրիչ մասը պիտի բխի ազգային եւ միջազգային արժեչափերէ, որպէսզի ապահովուի արդար եւ թափանցիկ դատական գործընթաց:
11- Պետութիւնը իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վերնագիրին տակ կ՛երաշխաւորէ ազատ մտքի զարգացումը եւ ազատ բազմաբնոյթ մամուլի առկայութիւնը: Առաւել` ժողովրդային ցոյցեր կազմակերպելու եւ հրապարակային խաղաղ հաւաքներ կատարելու իրաւունքը, եթէ անոնք իրենց բնոյթով չեն խանգարեր երկրի ապահովութիւնը:
12- Բոլոր քաղաքացիները հաւասար են օրէնքին առջեւ` առանց ցեղի, կրօնի եւ սեռի խտրութեան:
13- Մնայուն վերջնական սահմանադրութեան պատրաստութիւն` օրէնքով ընդունուած գործընթացով, մասնակցութեամբ ժողովուրդի բոլոր շերտերուն:
14- Անցումային սահմանադիր մարմինը վերահսկիչ դեր ունի գործող իշխանութեան եւ կառավարական մարմիններու վրայ:
15- Դատական իշխանութիւնը անկախ է եւ կարելի չէ միջամուխ ըլլլալ անոր գործերուն:
16- Կազմել յատուկ դատարաններ` քննելու ու դատելու նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչները եւ բոլոր անոնք, որոնց ձեռքերը թաթախուած են անմեղներու արեամբ:
17- Արտակարգ իրավիճակ հռչակել երկրի ամբողջ տարածքին` մէկ տարուան տեւողութեամբ:
18- Կազմակերպել ազատ ընտրութիւններ` միջազգային հովանաւորութեամբ, ապահովելով ժողովրդային բոլոր շերտերուն իւրայատկութիւնները:
Այս ամփոփումները իրաւական հակոտնեայ մօտեցումներ կը պարունակեն: Մանաւանդ կարելի չէ համատեղել «քաղաքացիական ընկերութեան» սկզբունքները, ուր խօսնակը անոր ներկայացումով զայն կը պայմանաւորէ պետութեան դաւանանքը` իսլամութիւնն է ըսելով: Նման տրամադրութիւններով կարելի չէ կաղապարել սուրիական ընկերութեան բազմապիսի շերտաւորումներու իւրայատուկ դիմագիծը, որ առաւելաբար կը հակի չափաւորութեան եւ այլազանութեան, որ կը մերժէ շարիաթական դիմագիծով պետութեան մը համակարգը:
Աշխարհակալ գերուժերու համաձայնուած քաղաքականութեան մը դրսեւորումն է այսօրուան Սուրիոյ պարզած իրավիճակը: Դեռ ոչ շատ հեռու, հանդիսատեսը եղանք աշխարհի զանազան աշխարհագրական հարթակներու վրայ նման նոր վիճակներ պարտադրելու խաղականոնին: Այսօր, որոշ նորաձեւութիւններու որդեգրումով, նոյն խաղի կանոններէն առաջնորդուելով, նոյնանման ոճի բեմականացման կը հանդիպինք Սուրիոյ հողատարածքին:
Դեռ մեր յիշողութեան մէջ թարմ է Իրաքի օրինակը, երբ ամերիկեան ներխուժումէն ետք, հակառակ գերուժ կողմի նիւթական եւ զինուորական բոլոր կարելիութիւններուն, կարելի չեղաւ կարճ ժամկէտի ընթացքին երկրին անդորրը ապահովել, օրական պայթուցիկ դիմադրութեան արժանանալով` գետնի վրայ Միացեալ Նահանգներու նկրտումները զսպելու փորձով: Ի վերջոյ, մշակուած-պարտադրուած կորիզ ազգային սահմանադրութիւն մը եկաւ կարգաւորելու կողմերու մտահոգութիւնները` իրաւական տարազի մը մէջ հիւսելով բոլոր հատուածներուն իրաւունքները: Այսպիսով, բոլոր կողմերուն հաւաստիութիւն ներշնչեց կերտուելիք նոր Իրաքի մը ճանապարհը: Պէտք չէ մտահան ընել, որ մեկնած իր շահերէն` իրաւական հեղինակային իրաւունքի մեծ բաժինի վրայ իր դրոշմը դրաւ ամերիկեան կողմը յանձին զօրավար Տէյվիտ Փեթրայէսի, որմէ ետք երկա՜ր երկունքով ծնաւ նոր ազգային սահմանադրութիւն մը:
Սուրիոյ պարագային, փոքրամասնութիւնները, իմա` հայկական ներկայութիւնը, իրենց կարգին սահմանադրական իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր պէտք է քաջածանօթ ըլլան լիբանանեան օրինակին, ուր վերջին հաշուով օրէնսդրական համաձայնագիր մը եկաւ կարգաւորելու բոլոր հակադրուող ուժերուն իրաւունքները: Այսպէս, պէտք չէ մտահան ընել ու պատրաստ ըլլալ Թաէֆի ոգիին շուրջ համադրողական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ ձեւաւորելու բոլորին իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները:
Թէեւ ոմանք կրնան առարկել, որ Թաէֆի եւ Լիբանանի օրինակը, Սուրիոյ առաջադրուած նմանօրինակ հանդիպումը, իր բաղադրիչ մասերով, զուգահեռներով չնոյնանայ կայանալիք կլոր սեղաններու հանդիպումներուն հետ: Սակայն մեր մտահոգութիւնը այն է, որ ծանօթ ըլլանք այդ օրերու խմորումներուն ու ոգիին, եւ նախապատրաստական կլոր սեղաններու կրկնութեան պարագային, պատրաստ ըլլանք, որպէսզի լուսանցքէ անդին չմնանք որպէս ներկայութիւն, ապահովելով մեր արդար իրաւունքները` իբրեւ զգալի բաղադրիչ մասնիկ սուրիական հայրենիքին:
Այսօր Սուրիոյ օրինակին մէջ գետնի վրայ նոր զինուորական սթաթուս քուօ մը կը պարտադրէ իր ծանրութիւնը` քաղաքական-իրաւական նոր դաշտի մը պատկերացումին վրայ: Սակայն երբե՛ք մտահան պէտք չէ ընել տարիներ առաջ Սուրիոյ ատենոյ իշխանութիւններու Ժընեւի մէջ Պաշշար Ճաաֆարի ղեկավարած եւ ընդդիմադիր ուժերու բանակցութիւններու անաւարտ եզրակացութիւններով հանդիպումները:
Այդ օրերուն բացառուած էր զինեալ բոլոր ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցչական որեւէ հանգամանք, որ մասնակից դառնան բանակցութիւններուն: Սակայն այդ բանակցութիւններուն ներկայացող ընդդիմադիր բոլոր կողմերը մեծաւ մասամբ կը ներկայացնէին «ընդունելի» սուրիական ընդդիմութեան մը որոշակի համախմբում մը: Նաեւ այդ մէկը շարունակուեցաւ Սուրիոյ տարածքին իրականացուած տարբեր անուններու տակ` «Ազգային հաշտութեան յանձնախումբեր» եւ «Ներումներու շնորհման» անլուրջ ծիսակատարութեամբ եւ ամուլ արդիւնքներով հանդիպումներով:
Դժբախտաբար այս ամէնը կ՛իրականանային` պահելով ու առանց վերատեսութեան ենթարկելու գոյ վատահամբաւ ապահովական համակարգը եւ բանտերու զազրելի դրուածքն ու կալանաւորներու անմխիթար ճակատագիրը:
Այս բոլորով հանդերձ, վերոնշեալ երկխօսութեան առանցքը կազմող սեւագիր վերնագիրները եւ հանրային չդարձած որոշակի համաձայնութիւնները ատաղձը կրնան կազմել յառաջիկայ նմանատիպ խմորումներուն, այս անգամ` զինուորապէս յաղթական ընդդիմադիր կողմի մը առաւելութիւնը ձեռք ձգած ուղղուածութեամբ:
Վերջապէս, դրական ու ժխտական սոսկ լրատուական յայտարարութիւններու խաչմերուկներու հանդիպումով կարելի չէ երկրի ապագայ կարգաւորել եւ իրաւական հիմքով տեսակէտներ համադրել: Պահանջուածը այն յստակ գործիքակազմն է, ուր իրաւական համակարգը իր վճռորոշ խօսքը պիտի ունենայ, օրէնսդրական-սահմանադրական հենքը ուրուագծելով` ապագայ Սուրիոյ երկնակամարին ներքեւ, ուր բոլոր քաղաքացիները անդորր կեանք պիտի ունենան, ձեռք ձգուած արդիական օրերու քաղաքացիական օրէնքներու շրջագծին մէջ` մեկնած ժողովրդավարական սկզբունքներէ:
Գուցէ երկա՜ր փուլերու եւ համապատասխան ժամանակի պիտի կարօտի, որպէսզի միս ու ոսկոր ստանայ առաջադրուած սահմանադրութիւնը, բայց է՛ պայման (CONDITIO SINE QUA NON), առանց անոր կարելի չէ հասնիլ բաղձալի նոր Սուրիոյ կարգավիճակին:
27 դեկտեմբեր 2024
Ժան Հալլաճեան
«Ազդակ»