Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Սուրիոյ ամբողջ տարածքին (անշուշտ Սուրիոյ կառավարութեան տիրապետութեան տակ եղող շրջաններուն մէջ) ընթացք առին նախագահական ընտրութիւնները։
Ըստ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան, ընտրելու իրաւունք ունին 18 միլիոն քաղաքացիներ, իր կարգին Sky news Arabya կը հաղորդէ, որ կառավարութեան տիրապետութեան տակ եղող շրջաններուն մէջ քուէարկողներու ընդհանուր թիւը կը գնահատուի 11 միլիոնով։
Նշենք, որ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածութիւն դրած են երեք գործիչներ, որոնց ամենահաւական թեկնածուն է գործող նախագահ Պաշշար Ասատ ( 55 տարեկան)։
Ի դէպ նախագահ Ասատ, որ ընտրութիւններուն համար ընտրած է «Յոյսը աշխատանքով» կարգախօսը, այսօր առաւօտ իր կնոջ ՝ առաջին տիկին ՝ Ասմա Ասատին հետ Դամասկոսի Տումա շրջանին մէջ մասնակցած է ընտրութիւններուն։
Կը նախատեսուի, որ ընտրութիւնները տեւեն մինչեւ երեկոյեան ժամը 19:00-ը, սակայն կարգ մը տեղական աղբիւրներու հաղորդմամբ ընտրութիւնները կրնան երկարաձգուիլ, իսկ արդիւնքները պիտի յայտարարուին ժամ ետք։
Սուրիոյ սահմանադրութեան համաձայն, ընտրուող նախագահը պիտի պաշտօնավարէ 7 տարուան համար։