image

Սուրիոյ ապագայի գրաւականը

Սուրիոյ ապագայի գրաւականը

Այս երկիրը եղած է հայութեան համար երբեմնի ապաստան եւ փրկութեան լաստ։ Սուրիոյ իսկական տէրերն ու նուիրեալները անոր հայրենասէր բնակիչներն են, որոնց շարքին կը գտնուին նաեւ հայեր։ Ժողովուրդին կարեւոր մեծամասութիւնը, ամենաբարդն ու ամենալեղին համտեսելով հանդերձ, չէ հեռացած այդ հողէն։ Հետեւաբար, յարգանքի արժանի այս երեւոյթը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ նաեւ երկրի ապագան։

 

 

Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացը կը շարունակուի։ Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ որոշ գործընթաց մը կը հասուննայ, սակայն, տակաւին օրակարգի վրայ են լուրջ տարակարծութիւններ, որոնց առանց յաղթահարման անկարելի պիտի ըլլայ վերջնական բնականոնացումի մը մասին խօսիլը։

Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա-Իրան առանցքին վրայ ալ բանակցութիւններ տեղի ունեցան՝ զանազան մակարդակներով։ Քառակողմանի բանակցութիւններու հիման վրայ որոշուեցաւ այս չորս երկիրներու ղեկավարներուն ներկայացնել՝ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ճանապարհային քարտէս մը, որու պատրաստութեան ձեռնարկուած է։ Կողմերու համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ շեշտուեցաւ, որ քննարկումները դրական մթնոլորտի մը մէջ կ՚ընթանան եւ բոլորը համակարծիք են շփումները շարունակելու ուղղութեամբ։

Թուրքիա-Ռուսաստան սերտ համագործակցութեան մէջ միշտ ալ կարեւոր տեղ գրաւած է Սուրիոյ իրավիճակը եւ տարածաշրջանէն ներս կարեւոր դերակատարութեամբ այս երկու երկիրները միս ու արիւն կու տան իրենց միջեւ նախօրօք հաստատուած բանաձեւերուն եւ ընթացակարգերուն։

Ճիշդ է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները սկսած են հասկնալ, որ այսօր իրենց մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ամենէն հեշտ միջոցը Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ ճիգերով գծուող ճանապարհային քարտէսն է՝ որքան որ ալ բարդ ու դաժան եղած ըլլան վերջին տասն տարիները։ Մէկ կողմէ արաբական սպասողականութիւնը, իսկ միւս կողմէ Իրանի դիրքերուն թուլացումը եւ ամենակարեւորը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ դէմ կեցուածքը վիճակը հասցուցած են բաւական լարուած կէտի մը։ Յամենայնդէպս, Դամասկոս բաւական յառաջընթաց արձանագրած է արաբական աշխարհին վերահամարկուելու ճանապարհին։

Թուրքիա-Սուրիա բնականոնացումը, անշուշտ, կը կարօտի ժամանակի եւ յստակ է նաեւ, որ կրնայ տեղի ունենալ միայն փոխադարձ հասկացութեամբ եւ կարեւոր զիջումներով։ Եթէ այդ համաձայնութիւնը իրականանայ, ապա սա պիտի նշանակէ, որ տարածաշրջանային առումով կան մեծ յոյսեր, թէ Սուրիա կը մտնէ ընդհանուր լուծումներու փուլ մը՝ եթէ ԱՄՆ խանդի տեսարաններ չսարքէ եւ չխանգարէ հաւանական պայմանաւորուածութիւնները։

Միւս կողմէ, Սուրիոյ առկայ տնտեսական տագնապը, որ առաւելաբար ունի քաղաքական ենթախորք, կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Մտահոգիչ է, որ սուրիացիներու մեծամասնութեան համար անցեալ պատերազմական օրերը կը համարուին շատ աւելի լաւ՝ քան վիրաւոր երկրին մէջ այսօրուան վիճակը։ Անշուշտ, մեծ տեղաշարժեր հարկաւոր են, որպէսզի երկրի տնտեսութիւնը սկսի շնչել ու յոյսի մեծ երանգ մը տալ քաղաքացիներուն, որոնք աչքի առնելով այս ամբողջ տագնապն ու ցաւը՝ վճռած են իրենց կեանքը շարունակել Սուրիոյ մէջ։ Յստակ է, որ ԱՄՆ-ի կանաչ լոյսի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ Սուրիոյ նկատմամբ արաբական որեւէ նախաձեռնութիւն կրնայ մնալ թերի կամ ոչ-ամբողջական։ Հետեւաբար, այս պայմաններուն ներքեւ Սուրիոյ դէմ բացայայտ կերպով յղացուած քաղաքականութիւնը կրնայ շարունակուիլ այնքան՝ որքան կը պահանջէ խաղի գլխաւոր տէրը՝ ԱՄՆ-ը։

Ի՞նչ հասկնալ այս բոլորէն, ինչպէ՞ս պիտի օգտուի ԱՄՆ, եթէ այս խիստ քաղաքականութիւնը շարունակուի, Սուրիոյ մէջ սղաճը աւելնայ, մարդկային տարրական պայմանները չքանան ու քաղաքացիները յայտնուին ամենածանր դրութեան մէջ։ Պարզապէս ոչինչ։ Այո՛, ոչինչ պիտի հասկնան Սուրիոյ թշնամիները, որոնք գրաւի դրած են ներքին արիւնահոսութեան նոր հաւանական փուլը, որուն հիմնական բաղկացուցիչները կը պակսին։ Ժամանակ շահիլն է ուրեմն՝ ի տես այն մարդկային ներուժին, որ ամէն առթիւ աւելիով կ՚աճի, ոտքի կը հանէ Սուրիան՝ իբր իսկական միաւոր եւ մղիչ ուժ, որ պատրաստ պիտի ըլլայ մասնակցիլ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ տեղաշարժերուն։

Իսկ ամենաէականն է, որ այս փուլին դիմացողը եւ մատները չկրճտողն է, որ Սուրիան պիտի առաջնորդէ նոր հարթութեան մը, որ նաեւ պիտի իմաստաւորուի երկիրը նախկին դիրքին վերադարձնելու ընդունակութեամբ։ Այդ բանալին կը գտնուի Սուրիոյ ժողովուրդին ձեռքը։ Հակառակ աւելի քան տասն տարիներու խաչելութեան, ան կը շարունակէ մնալ անդուլ, կը շարունակէ մնալ պայքարող ու ամենակարեւորը՝ արարող։ Ի դէպ, հիմնական թնճուկը միայն սղաճը չէ, ոչ ալ ամերիկեան տոլարի սակին բարձրացումը։ Արդարեւ, Սուրիա կը դիմագրաւէ մարդկային ծանր իրավիճակներ։ Այս երկիրը եղած է հայութեան համար երբեմնի ապաստան եւ փրկութեան լաստ։ Սուրիոյ իսկական տէրերն ու նուիրեալները անոր հայրենասէր բնակիչներն են, որոնց շարքին կը գտնուին նաեւ հայեր։ Ժողովուրդին կարեւոր մեծամասութիւնը, ամենաբարդն ու ամենալեղին համտեսելով հանդերձ, չէ հեռացած այդ հողէն։ Հետեւաբար, յարգանքի արժանի այս երեւոյթը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ նաեւ երկրի ապագան։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...