Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու երկրի անվտանգութեան ղեկավարներու հետ իրավիճակի գնահատում կատարած է եւ հրահանգած՝ անմիջապէս փակել Հեպրոնը եւ նախապատրաստուիլ Արեւմտեան ափի ամբողջական շրջափակման՝ «Համաս»-ի կողմէ կրակոցներու արձակումէն ետք։ Այս մասին Նաթանիահու նշած է X-ի վրայ կատարած գրառման մէջ։
«Քիչ առաջ իրավիճակի գնահատում կատարեցի պաշտպանութեան նախարարի, Զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի պետի, «Շին Պեթ»ի (Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութիւն) ղեկավարի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի եւ Կեդրոնական հրամանատարութեան հրամանատարի հետ։ Բարձր կը գնահատեմ մեր հերոս մարտիկները, որոնք վճռականութիւն ցուցաբերեցին եւ կանխեցին ահաբեկչական մեծ յարձակումը, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում», նշած է ան իր գրառումին մէջ։
Նաթանիահու յայտարարած է, որ հրահանգած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին անմիջապէս շրջափակել Հեպրոն քաղաքը։
«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին եւ անվտանգութեան ուժերուն հրահանգած եմ անմիջապէս փակել Հեպրոն քաղաքը, ինչպէս նաեւ այսօրուընէ սկսեալ նախապատրաստուիլ Հրէաստանի եւ Սամարիայի (Արեւմտեան ափ) ամբողջական շրջափակման», նշած է Նաթանիահու։
«Մենք պիտի հետապնդենք «Համաս»-ի ահաբեկիչները եւ անոնց հրահանգ տուողները՝ ամէնուր եւ միշտ։ Ձեզի համար ապահով ապաստան չկայ», աւելցուցած է ան։
«Al Jazeera»ի հաղորդմամբ՝ Հոկտեմբեր 23-ի վաղ առաւօտեան Հեպրոնի հիւսիսային մուտքի մօտ հրաձգութիւն տեղի ունեցած է, որուն հետեւանքով երկու պաղեստինցի սպաննուած է, իսկ վեց իսրայէլացի զինուոր վիրաւորուած։
Միջադէպէն ետք Նաթանիահու չեղեալ յայտարարած է այսօրուան համար նախատեսուած քարոզարշաւի ձեռնարկները։
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն-Կվիր, որ յայտնի է իր ծայրայեղական հայեացքներով, յայտարարած է, որ յարձակումը ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլ պէտք է սահմանափակէ Արեւմտեան ափի մէջ պաղեստինցիներու ազատ տեղաշարժը։