image

Սեդրակ Քոչարեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգուած է 2 ամիսով

Սեդրակ Քոչարեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգուած է 2 ամիսով

 

Հակակաշառակերութեան դատարանը եւս երկու ամիսով երկարաձգած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի որդիի՝ Սեդրակ Քոչարեանի կալանաւորման ժամկէտը։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է փաստաբան Յակոբ Կիւրեղեան, նշելով, որ Հակակաշառակերութեան դատարանի որոշումը պիտի բողոքարկուի։

Կիւրեղեանի խօսքով՝ կալանքի երկարաձգումը անակնկալ չէր՝ նկատի ունենալով, իր գնահատմամբ, դատական համակարգին վրայ առկայ ընդհանուր ճնշումը, ներառեալ՝ իշխող քաղաքական ուժի ներկայացուցիչներու կողմէ դատական որոշումներու վերաբերեալ կատարուած մեկնաբանութիւնները։

 

Փաստաբանը յայտնած է, որ դատարանը առայժմ տրամադրած է որոշուման միայն եզրափակիչ մասին քաղուածքը։ Պաշտպանութիւնը կը նախատեսէ ամբողջական դատական ակտը ստանալէ ետք բողոքարկել զայն։

 

Կիւրեղեան քննադատած է կալանքի երկարաձգման միջնորդութեան քննութեան ընթացքը՝ նշելով, որ դատական նիստերուն պաշտպանութեան կողմն է, որ ստիպուած կ՚ըլլայ ծաւալուն փաստարկներ ներկայացնելու՝ բացատրելու համար, թէ ինչո՛ւ պէտք չէ երկարաձգել կալանքը կամ ընդհանրապէս խափանման միջոց կիրառել, մինչդեռ այդպիսի միջոցի անհրաժեշտութիւնը հիմնաւորելը քննիչին պարտականութիւնն է։

 

«Իրաւական առումով, կարծում եմ, որ պաշտպանութեան կողմի փաստարկները բաւական ամուր են։ Այլ հարց է, որ դրանք հաշուի չեն առնուի»,– ըսած է Կիւրեղեան։

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Սեդրակ Քոչարեան երկու ամսով կալանաւորուած էր։

Յիշեցնենք, որ Սեդրակ Քոչարեան, ինչպէս նաեւ Ռոպերթ Քոչարեան եւ քանի մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կալանաւորուած էին՝ դրամի լուացման եւ կաշառք ստանալու յօդուածներով։