Սուրիոյ ռազմաօդային ուժերը եւ Ռուսիոյ օդատիեզերական ուժերը յարձակած են Հալէպ նահանգի արեւելքը գտնուող ահաբեկիչներու դիրքերուն վրայ, ըսուած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է SANA պետական գործակալութեան կողմէ:
«Սուրիական եւ ռուսական օդուժը շարք մը հարուածներ հասցուցած է ահաբեկիչներու կեդրոնացման վայրերուն եւ անոնց շարժման ուղիին Հալէպի նահանգի արեւելքը գտնուող Սֆիրէ գիւղի տարածքին մէջ, որու հետեւանքով տասնեակ ահաբեկիչներ սպանննուած են եւ վիրաւորուած»,- յայտնած են ռազմական գերատեսչութենէն։