Sham TV հեռուստաալիքը կը յայտնէ, որ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու անօդաչու թռչող սարքը գրոհած է Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող ցամաքային թիրախներու վրայ։
Մասնաւորապէս կը յիշուի, որ հարուածները հասած են քաղաքի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող ռազմական դիրքերուն։ Յարձակման հետեւանքով տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չկան։
Աւելի վաղ հեռուստաալիքը հաղորդած էր, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը կը թռին Դամասկոսի հարաւային ծայրամասերուն, ինչպէս նաեւ Տարաա եւ ալ-Քունէյթիրա նահանգներուն վրայէն։ 12 Հոկտեմբերին իսրայէլեան հրետանին գնդակոծած է Թէլ Ահմարի բարձունքներուն վրայ գտնուող սուրիական բանակի հրամանատարական կէտը։
Sham TV-ի տուեալներով՝ տարեսկիզբէն ի վեր իսրայէլական օդուժը աւելի քան 80 գրոհ իրականացուցած է Սուիրիոյ տարածքին՝ խոցելով 135 ռազմական կէտեր, ներառեալ զինապահեստներ, շտաբներ եւ զօրանոցներ։ Այս յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է 61 մարդ, անոնց մէջ ըլլալով 29 քաղաքացիական անձ: