Արեւմտեան ափի հարաւը գտնուող Խալիլ քաղաքի մուտքին մօտ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումը նոր լարուածութիւն յառաջացուցած է։ Իսրայէլեան բանակը յայտարարած է, թէ սպաննած է յարձակման երկու մասնակիցները, մինչ վեց իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են, որոնցմէ երկուքին վիճակը ծայրայեղ ծանր է։
Երկու պաղեստինցի զինեալներ կրակ բացած են Ֆարշ ալ-Հաուա շրջանին մօտ գտնուող զինուորական անցակէտին վրայ։ Իսրայէլեան «14-րդ ալիք» հեռատեսիլի կայանին համաձայն՝ յարձակման թիրախը եղած է Թելեմ բնակավայրին մօտ գտնուող զինուորական դիտաշտարակ մը։ Իսրայէլեան ուժերուն եւ յարձակման կասկածեալներուն միջեւ տեղի ունեցած են փոխադարձ կրակոցներ։
Յարձակման մասնակիցներէն մէկուն փախուստէն ետք, իսրայէլեան բանակը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է Խալիլի մերձակայ քանի մը բնակավայրերու մէջ։ Աւելի ուշ հաստատուած է, թէ երկու յարձակողներն ալ սպաննուած են։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցին համաձայն՝ անվտանգութեան կառոյցները կը գնահատեն, որ յարձակողները, որոնք ժամանած էին իսրայէլեան համարանիշերով ինքնաշարժով, կրնային աւելի լայնածաւալ գործողութիւն մը ծրագրած ըլլալ։ Սակայն իսրայէլեան ուժերուն կողմէ հաստատուած ժամանակաւոր անցակէտը խափանած է այդ ծրագիրը։
Դէպքը կը պատահի Իսրայէլի մէջ քաղաքական եւ անվտանգային զգայուն մթնոլորտի մը պայմաններուն մէջ եւ կրնայ իր անդրադարձը ունենալ երկրին ներքաղաքական բանավէճերուն ու յառաջիկայ ընտրութիւններուն վրայ։
At least six Israeli soldiers have been injured in a shooting operation near Al-Khalil in the occupied West Bank. Follow: https://t.co/oa9JV4ikYQ https://t.co/sBM3wP2fyk
— Press TV 🔻 (@PressTV) October 23, 2026