Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը մինչեւ ուրբաթ ազատ պիտի արձակէ իսրայէլացի երեք պատանդ, այդ շարքին՝ զինծառայող Էրւիլ Եէհուտը, եւս երեք պատանդներ ազատ պիտի արձակուին շաբաթ օր: Այս մասին X-ի էջի միջոցաւ յայտնած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մաճիտ ալ Անսարին։
«Միջնորդներու գլխաւորած շարունակական ջանքերու շրջածիրէն ներս երկու կողմերու միջեւ փոխըմբռնում ձեռք բերուած էր, համաձայն որու` «Համաս»-ը մինչեւ յաջորդ ուրբաթ պիտի փոխանցէ պատանդ Էրպիլ Եէհուտը եւ երկու այլ պատանդ», – գրած է ան։
Անոր խօսքով` համաձայնագրի համաձայն` «Համաս»-ը եւս երեք պատանդ պիտի փոխանցէ շաբաթ օրը։
Անսարին նշած է, որ նաեւ տեղեկութիւն պիտի տրամադրուի համաձայնագրի առաջին փուլի շրջածիրէն ներս ազատ արձակուելու ենթակայ պատանդներու թիւի մասին։
Աւելի վաղ`յունուար 25-ին, պաղեստինեան «Հաշաս» շարժումը Կազայի մէջ Իսրայէլի հետ հրադադարի համաձայնագրի շրջածիրէն ներս ազատ արձակած էր Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի (ՑԱԽԱԼ) չորս կին զինծառայող, որոնք առեւանգուած էին 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին: