Որովհետեւ մեր բոլոր ցաւերուն խաչմերուկն է 6 Փետրուարը։
Այսօր վերապրելու ամբողջ մէկ տարին բոլորեցինք։ Նախորդ շաբաթավերջին ապրեցանք երկու շատ ծանր գիշերներ։ Եթէ մէկը 6 Փետրուարի վաղ ժամերն էին, միւսը 5 Փետրուար դպրոցներու տարեմիջեան արձակուրդէ ետք ուսման սկսելուն նախորդող 4 Փետրուարի գիշերը։ Անցեալ տարի այդ գիշեր երեխէք կ՚աղօթէին «Երանի ձիւն տեղայ եւ վերամուտը յետաձգուի» յուսալով։
Այս տարի այդ ցանկութիւնը մտաբերող չկար։ Այդ օր ակամայ յիշեցինք նախորդ տարուայ նոյն օրը։
Մենք սորվեցանք փառք տալը, ունեցածին արժէքը գիտնալը, կեանքի իւրաքանչիւր պահը արժեւորելը եւ ատելութիւն կուտակելու որքան անիմաստ ըլլալը։
Կասկած չկայ որ այս սուգը տակաւին երկար տարիներ կը մնայ մեզ հետ։ Բայց հապա կեանքը ի՞նչ պիտի բերէ։ Վիշտերը մեզ հետ են, բայց օրուայ պարտադրածները՞։ Միթէ անոնք ա՞լ տակաւին պիտի շարունակուին երկար տարիներ։ Լուծման կարօտ ահագին խնդիրներ ունինք։ Բոլորին մտքին կառչած հարցում մըն է՝ արդեօք այդ խնդիրներու առումով յառաջիկայ ընտրութիւննե՞րն են որ պիտի ձեւաւորեն Հաթայի ճակատագիրը։
Այսօր Փետրուարի 7-ն է։ Միշտ կը վախնայի 6 Փետրուարէն, որ վերջապէս հասաւ ու անցաւ։ Դժուար, անհատնում ու ծանր օր ու գիշեր անցուցինք։ Ոչ ոք կրցաւ քնանալ։ Համարեա բոլոր գաւառներու մէջ երկրաշարժի զոհերը յիշատակուեցան։ Լուռ երթեր կազմակերպուեցաւ։ Քաղաքակրթութեան երգչախումբը եւ ակադեմիայի նուագախումբը թախծոտ մեղեդիներով յիշատակեցին կորուստները լուսածագէն ալ կանուխ, ժամը 04.17-ին, ամբողջ նահանգը ոտքի էր կարծես, երիտասարդներ, տարեցներ, երեխէք… Ի դէմ ցուրտ եղանակին մասնակցեցան յիշատակման։ Խունկեր ծխեցին, ջահերով երթեր եղան։ Քաղաքի ճաշարանները տակ ապուր մատակարարեցին փողոցէն անցնողներուն։
Հայաբնակ Վաքըֆգիւղի մէջ հոգեւոր արարողութեամբ յիշատակուեցան երկրաշարժի զոհերը։
Աղէտէն տարի մը անց անսովոր բազմութիւն մը կը տիրէր։ Նախարարներ, քաղաքապետեր, երեսփոխաններ, լրագրողներ։ Անոնց ներկայութիւնը ակամայ յիշեցուց երկրաշարժի յաջորդող օրերուն մեր մատնուած անտէրութիւնը։
Նախագահ Էրտողանի 3 Փետրուարին այս նոյն քաղաքի՝ Հաթայի մէջ իր կուսակցութեան թեկնածուները ծանօթացնելու համար կազմակերպուած ժողովին ունեցած ելոյթը զայրոյթ պատճառած էր հաթայցիներուն։ Միւս կողմէ Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան առաջադրած քաղաքապետի թեկնածուն եւս դժգոհութեան պատճառ դարձած էր։
Այս բոլորին դէմ մէկ մէկ բողոքի ձայներ ալ լսուեցան, բայց ժողովուրդի վիշտը աւելի ծանրակշիռ էր, քան բարկութիւնը։ Ամբողջ գիշեր վերյիշեցինք մեր կորուստները, իրարու պատմեցինք այդ պահու ապրումները եւ լաց եղանք։
Որովհետեւ մեր բոլոր ցաւերուն խաչմերուկն է 6 Փետրուարը։
Այսօր վերապրելու ամբողջ մէկ տարին բոլորեցինք։ Նախորդ շաբաթավերջին ապրեցանք երկու շատ ծանր գիշերներ։ Եթէ մէկը 6 Փետրուարի վաղ ժամերն էին, միւսը 5 Փետրուար դպրոցներու տարեմիջեան արձակուրդէ ետք ուսման սկսելուն նախորդող 4 Փետրուարի գիշերը։ Անցեալ տարի այդ գիշեր երեխէք կ՚աղօթէին «Երանի ձիւն տեղայ եւ վերամուտը յետաձգուի» յուսալով։
Այս տարի այդ ցանկութիւնը մտաբերող չկար։ Այդ օր ակամայ յիշեցինք նախորդ տարուայ նոյն օրը։
Մենք սորվեցանք փառք տալը, ունեցածին արժէքը գիտնալը, կեանքի իւրաքանչիւր պահը արժեւորելը եւ ատելութիւն կուտակելու որքան անիմաստ ըլլալը։
Կասկած չկայ որ այս սուգը տակաւին երկար տարիներ կը մնայ մեզ հետ։ Բայց հապա կեանքը ի՞նչ պիտի բերէ։ Վիշտերը մեզ հետ են, բայց օրուայ պարտադրածները՞։ Միթէ անոնք ա՞լ տակաւին պիտի շարունակուին երկար տարիներ։ Լուծման կարօտ ահագին խնդիրներ ունինք։ Բոլորին մտքին կառչած հարցում մըն է՝ արդեօք այդ խնդիրներու առումով յառաջիկայ ընտրութիւննե՞րն են որ պիտի ձեւաւորեն Հաթայի ճակատագիրը։
Լորա Պայթար
«Ակօս»