image

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը իր դռները հաւատացեալներուն առջեւ պիտի վերաբանայ սեպտեմբեր 2023-ին

Սուրբ  Էջմիածնի Մայր Տաճարը իր դռները հաւատացեալներուն առջեւ պիտի  վերաբանայ  սեպտեմբեր  2023-ին

Էջմիածնի Մայր Տաճարի ներքին յարդարման, որմնանկարներու վերականգման, օդափոխութեան համակարգի տեղադրման եւ արտաքին բարեկարգման աշխատանքները կը նախատեսուին, որ աւարտին  սեպտեմբեր  2023-ին։

Էջմիածնի Մայր տաճարի «ողնաշարի վիրահատութիւնը» յաջող անցած է:

Այդ մասին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովի անդամներուն տեղեկացուցած է Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան:

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը ծրագրած է Մայր Տաճարի վերաօծման ու Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները եւ յարակից  միջոցառումները կազմակերպել 2023-ի սեպտեմբեր 30-էն հոկտեմբեր 3-ի ժամանակամիջոցին: