image

Փարիզի Աստուածամօր տաճարը վերաբացաւ իր դռները

Փարիզի Աստուածամօր տաճարը վերաբացաւ իր դռները

Հրդեհէն հինգ տարի անց Աստուածամօր տաճարը կը վերաբանայ իր դռները այցելուներու համար:

Դեկտեմբեր 7-ին հանդիսաւոր կերպով պիտի ներկայացուին լայնածաւալ վերակառուցման արդիւնքները։

860-ամեայ միջնադարեան տաճարը, որ Ֆրանսայի ու Փարիզի խորհրդանիշն է, մանրակրկիտ կերպով վերականգնուած է։

«Նոթր Տամի մէջ բռնկած հրդեհն ազգային վէրք էր, դուք կարողացաք բուժել այն», -ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը վերականգնման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած վերականգնողներու հետ վերջերս կայացած հանդիպման ժամանակ:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփը ժամանած է Փարիզ, ուր պիտի մասնակցի Աստուածամօր տաճարի բացման արարողութեան։

Աստուածամօր տաճարի բացման արարողութեան պիտի մասնակցին մօտ 40 պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ՝ աւելի քան հինգ տարի անց այն բանէ ետք, երբ զանգուածային հրդեհը ոչնչացուցած է տաճարի տանիքը եւ ներքին շինութեան մէկ մասը: