image

Առաքինի կանանց տօնը

  Առաքինի կանանց տօնը

 Մեր հայրենակցուհի՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան կը գրէ՝

 Դարձեալ կանանց միջազգային տօնն է։ Կը շնորհաւորեմ ձեզի՝ իմ սիրելի աւագ ու կրտսեր քոյրեր, բայց առաւելաբար պիտի շնորհաւորեմ այն տղամարդիկը, որոնք գիտեն յարգել, սիրել եւ    գնահատել կնոջ ինքնութիւնն ու անոր ուսերուն վրայ ծանրացող բազմաթիւ դերերը։ 

Այսօր, ծաղիկներ կամ թանկարժէք իրեր նուիրելու փոխարէն, պահ մը լրջութեամբ դիտեցէք կինը եւ անկեղծ խօսքերով դիմեցէք անոր: Գնահատեցէք անոր արժանիքները, հոգին, կատարած զոհողութիւնները, նուիրումը, սէրը...: Մի՛ կեդրոնանաք անոր արտաքին տեսքին վրայ, որովհետեւ ոչինչ յաւիտենական է: Յիշեցէք գարնան ծաղիկները, որոնք ձեզի հմայեցին, ուրախութիւն պարգեւեցին, իրենց խայտաբղէտ գոյներով ու բոյրով, բայց օրեր չանցած խամրեցան ու ինկան:

Յարգանքով յիշեցէք իգական սեռին կենսաբանական կազմութիւնը եւ անոր վստահուած բնութեան տեսակի պահպանման դժուարին պարտականութիւնը։ Հազիւ տասնամեակ մը ամբողջացուցած օրիորդը պարտադրաբար կը սորվի շալկել իր մարմինը ճանկռտող ցաւերը, առանց բացայայտելու իր շուրջիններուն։ Իսկ ինչպէ՜ս արժեւորենք մայրանալը, երկունքը, զաւակներ հոգալու, դաստիարակելու, ընտանիքը խնամելու ու սեղմ պահելու պարտականութիւնը։ Շարքը շատ երկար է, եթէ նշեմ կնոջ կարեւորութիւնը եւ ներգործութիւնը ժողովուրդի մը կազմաւորման ու վսեմացման մէջ։ 

Յարգելի տղամարդիկ, կնոջ մի՛ գնէք քաղցրախօսութեամբ, այլ՝ ձեր գործնական ներկայութեամբ։ Եղէք բարի, եթէ ան յոգնած է ու բարկացած: Փորձեցէք վարկեանի մը համար հագնիլ անոր կօշիկները...: Մի՛ վախնաք, ձեր առնականութենէն ոչինչ պիտի պակսի, որովհետեւ այդ կօշիկներով արդէն անհնար պիտի ըլլայ երկու քայլ քալելը...: 

Ներող եղէք, դրական արժանիքներով տարբերուող՝ բարի, սիրալիր, կարեվէր, կնամեծար ... տղամարդիկ: Ձեր տեսակը խիստ յարգելի է։ 

Սիրելի կանայք ամուր կառչեցէք, սիրեցէք ու գնահատեցէք այն տղամարդուն, որ ձեզի նախընտրեց եւ կը նախընտրէ, աշխարհի երեսին գտնուող միւս բոլոր կիներէն: Մերթ ընդ մերթ հագէք անոր շապիկները, յարգեցէք անոր պայմանները, բայց մի՛ կոճկէք անոր կոճակները, եթէ տեսնէք ստրկութեան, արհամարանքի, դաւաճանութեան ու բրտութեան ծալքերը: 

Ընտանիքը առաջնահերթ նկատեցէք: Այսօրուան քարոզչութիւնը՝ կանանց անկախութեան, ինքնակերտումի ու երազներու իրականացման հետապնդումը, թող ընտիր տղամարդուն ներկայութիւնը չարժեզրկէ եւ Ի ԳԻՆ նորակազմ ընտանիքին չըլլայ։ Եթէ ձեր ուսերուն չի ծանրանար ապրուստ ապահովելու պարտաւորութիւնը , ապա ժամանակը օգտագործեցէք վայելելու ձեր զաւակներուն մանկութիւնը, յիշելով, որ օրերը շա՜տ արագ կը սահին եւ բաւարար ժամանակ ու առիթներ պիտի ունենաք իրագործելու ձեր երազները: 

Արտօնեցէք ինծի այս տօնը չկեդրոնացնել միայն կանանց վրայ եւ ներառել տղամարդիկը: Հետեւաբար կը շնորհաւորեմ առաքինի կանանց եւ ազնուական տղամարդոց տօնը: Երանելի են այն զոյգերը, որոնք հնարաւոր կը դարձնեն՝ զոյգ մը կօշիկով երկու հոգի քալելը եւ մէ՛կ հեռադիտակով նո՛յն տեսլականը հետապնդելը:

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...