Օրերս Պոլսոյ մէջ հրապարակուած է լրագրող Սերտար Քորուճուի «Առաջ և յետոյ. Հայերը սեպտեմբերի 12-ի ժամանակաշրջանին, իրադարձութիւններ եւ վկայութիւններ» խորագրեալ հատորը։
«Արաս» հրատարակաչութեան կողմէ հրապարակուած եւ խորագիրը կրող հատորը կ՚ուսումնասիրէ 1970-ականներու սկիզբէն մինչեւ 1990-ականներու կէսերը երկարող ժամանակահատուածը, երբ Թուրքիոյ այդ օրերու իշխանութիւնները մեծ ճնշումներ գործադրած են հայերու նկատմամբ։ Հեղինակը, այդ կերպ լոյսին կը բերէ, թէ ինչ պատճառներու հիմքով այդ ճնշումները հասած են անկանխատեսելի չափերու, նշելով, որ այդ բոլորին առընթեր մեծ դեր ունեցած է ԱՍԱԼԱ-ի գործունէութիւնը, 12 սեպտեմբեր 1980 թուականի յեղաշրջումը եւ PKK-ի յայտնուիլը Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի օրակարգին մէջ։
Գրքի առաջին մասով հեղինակը հիմնուելով ժամանակաշրջանի դէպքերուն վրայ կը փորձէ ընդհանուր պատկեր մը ներկայացնել թրքահայ շրջանակներուն մօտ տիրող իրավիճակին վրայ, իսկ երկրորդ մասով ան կատարուած հարցազրոյցներու ճամբով հանրութեան կը ներկայացնէ այդ օրերու անցուդարձերը ապրած մարդոց վկայութիւնները։
Բազում առումներով շահեկանութիւն մը ներկայացնող այս գիրքը հրապարակուած է թրքերէն լեզուով։