Սումկայիթի ծանր յանցագործութիւններով դատարանէն ներս մեկնարկած է հայ ռազմագերիներ Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեանի ու Կարէն Աշոտի Ղազարեանի գործով հերթական դատական նիստը, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Դատաւորն ընթերցած է վերջնական մեղադրանքը, ըստ որու՝ ամբաստանեալները մայիս 26-ին ժամը 19:00-ի մօտերը «ՀՀ զինուած ուժերու ներթափանցող խումբի կազմին մէջ խումբ մը անձանց հետ նախնական պայմանաւորուածութեամբ՝ ապօրինի ձեռք բերուած հրազէնով եւ ռազմամթերքներով՝ ուժ գործադրելով պետական սահմանապահ ծառայութեան Զանգելանի սահմանապահ ջոկատի զինծառայողներու նկատմամբ, խախտած են Ատրպէյճանի պետական սահմանը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ահաբեկչութիւն իրականացնելու նպատակով՝ մաքսանենգ ճանապարհով հրազէն եւ զինամթերք ներմուծելով Զանգելանի շրջանի Ռազտարա գիւղ, կրակ բացած են տեղակայուած զօրամասի զինծառայողներու ուղղութեամբ»:
Յիշեցնենք, որ հայ զինծառայողներու նկատմամբ քրէական գործը յարուցուած էր 26 մայիսին:
Զինծառայողներ Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեանն ու Կարէն Աշոտի Ղազարեանը 26 մայիսին առեւանգուած են ՀՀ ինքիշխան տարածքէն։