image

Սոնա Մնացականեանի գործով ամբաստանեալը չկալանաւորուեցաւ

Սոնա Մնացականեանի գործով ամբաստանեալը չկալանաւորուեցաւ

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, նախագահութեամբ՝ դատաւոր՝ Կարէն Ֆարխոյեանի, 24 նոյեմբերին, մեկնարկած է այս տարուայ 26 ապրիլին Պարոնեան-Լէօ փողոցներու խաչմերուկին վրայ 28-ամեայ Սոնա Մնացականեանին արկածի ենթարկած Ոստիկանութեան մայոր՝ Արամ Նաւասարդեանի գործով դատական նիստը։

Տուժողին իրաւայաջորդի ներկայացուցիչ, փաստաբան՝ Ռաֆֆի Ասլանեան ըսաւ, որ նախնական դատական նիստին քննարկուած է ապացոյցներու թոյլատրելիութեան եւ հետազօտման յաջորդականութեան հարցը.

«Ապացոյցների հետազօտման յաջորդականութիւն ներկայացրինք, պաշտպանական կողմը պատրաստ չէր, ասաց՝ մենք յաւելեալ ապացոյցներ ենք ուզում հետազօտուի, ժամանակ տրամադրուեց, դեկտեմբերի 2-ին դա էլ կը ներկայացնեն եւ կ'անցնենք դատալսումների փուլին»։

Ասլանեան ըսաւ, որ դատարանին միջնորդած են կալանաւորելու Արամ Նաւասարդեանը կամ կասեցնելու անոր պաշտօնավարումը, սակայն դատարանը մերժած է մեղադրող կողմի միջնորդութիւնը։

Յիշեցնենք, որ 26 ապրիլին՝ ժամը 18:05-ի սահմաններուն, Պարոնեան-Լէօ փողոցներու խաչմերուկին ՀՀ ոստիկանութեան «Ճանապարհային ոստիկանութիւն» ծառայութեան ուղեկցող սպայական վաշտի հրամանատարն իր կողմէ վարած «Թոյոթա Փրատօ» մակնիշի ինքնաշարժով արկածի ենթարկած է Արարատի մարզի 28-ամեայ բնակչուհին, որու հետեւանքով ստացած մարմնական վնասուածքներով վերջինս տեղափոխուած է «Նաիրի» բժշկական կեդրոն, ուր գիտակցութեան չգալով՝ մահացած է: Նշուած ինքնաշարժներու շարասիւնը ուղեկցած եղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, իսկ մահացած կինը յղի եղած։