image

Ստեփանակերտի մէջ պիտի կայանայ 2020-ի Արցախեան պատերազմի մասին «Փոթորիկ կովկասում» գիրքի շնորհանդէս-քննարկումը

Ստեփանակերտի մէջ պիտի կայանայ 2020-ի Արցախեան պատերազմի մասին «Փոթորիկ կովկասում» գիրքի շնորհանդէս-քննարկումը

Երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, ժամը 18։30-ին Ստեփանակերտի «Փոլ Էլիուարի Տուն» Ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնին մէջ (Ստեփանակերտ, Թումանեան 95) պիտի կայանայ 2020-ի Արցախեան պատերազմի մասին «Փոթորիկ կովկասում» գիրքի շնորհանդէս-քննարկումը։

Շնորհանդէսի բանախօսներ են Արցախի նախագահի միջազգային հարցերով խորհրդական, պ.գ.թ. Նելլի Պաղտասարեանը, քաղաքագէտ Տիգրան Գրիգորեանը, ՊԲ պահեստազօրի գնդապետ Գրիգորի Սահակեանը, ՊԲ պահեստազօրի սպայ, Արցախեան երրորդ պատերազմին զոհուած եւ անյայտ կորսուած զինծառայողներու հարազատներու միութեան նախագահ Արմէն Ասրեանը։ Քննարկումը պիտի վարէ ՍիվիլՆեթի գլխաւոր խմբագիր եւ գիրքի թարգմանիչ Կարէն Յարութիւնեանը:

«Փոթորիկ կովկասում» (Буря на Кавказе) գիրքը 2020-ի պատերազմի մասին ռուս, հայ, թուրք եւ միջազգային փորձագէտներու յօդուածներու ժողովածու է, որ 2021-ին հրատարակած է Մոսկուայի Ռազմավարութիւններու եւ տեխնոլոգիաներու կեդրոնը՝ Ռուսլան Փուխովի ղեկավարութեամբ։ Գիրքի հայերէն հրատարակութիւնը հովանաւորած է Թիւֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամը։

Ինը յօդուածներու տասներկու հեղինակները քաղաքագէտներ եւ ռազմական փորձագէտներ են, որոնք կ'անդրադառնան Արցախեան խնդրին, Արցախեան երկրորդ պատերազմի տարբեր անկիւններու, մարտական գործողութիւններու ընթացքին եւ դրուագներուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն։

«Փոթորիկ կովկասում» գիրքը կարեւոր փորձ է 2020-ի պատերազմի պատճառները գնահատելու եւ դասեր քաղելու առումով։

Միջոցառումը կազմակերպուած է Թիւֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի «Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռութեան ծիրէն ներս՝ Սիվիլնեթի եւ գիրքի հրատարակիչ NEWMAG հրատարակչատան մասնակցութեամբ: