Թրամփ–Փաշինեան–Ալիեւ գագաթնաժողովէն մէկ տարի անց (Որ տեղի ունեցած էր տարի մը առաջ ՝ 8 Օգոստոս 2025 -ին)Հարաւային Կովկասը կը գտնուի նոր քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական հանգրուանի մը առջեւ։ Սպիտակ Տան մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումէն ետք Միացեալ Նահանգները այսօր կը շեշտէ, որ խաղաղութեան գործընթացը այլեւս միայն քաղաքական խոստումներու եւ դիւանագիտական յայտարարութիւններու սահմաններուն մէջ չէ, այլ աստիճանաբար կը վերածուի գործնական իրականութեան։ Ուաշինկթըն կը մատնանշէ Հայաստան–Ատրպէյճան սահմանին պահպանուած կայունութիւնը, վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ կատարուած քայլերը, տնտեսական կապերու զարգացումը եւ, յատկապէս, TRIPP-ի իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացը՝ զանոնք ներկայացնելով որպէս տարածաշրջանի տեւական խաղաղութեան հիմքեր։
Մէկ տարի առաջ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ Տան մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Այդ հանդիպումը սովորական դիւանագիտական հանդիպում մը չէր։ Տասնամեակներ շարունակ հակամարտութեան, պատերազմի եւ փոխադարձ անվստահութեան մէջ ապրած երկու երկիրներու ղեկավարները Ուաշինկթընի մէջ ստորագրեցին Խաղաղութեան համատեղ հռչակագիրը, իսկ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ նախաստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախագիծը։ Այդ պահէն սկսեալ հիմնական հարցը դարձաւ ոչ միայն խաղաղութեան ձեռքբերումը, այլ նաեւ՝ անոր գործնական եւ երկարաժամկէտ իրականացումը։
Այսօր Ուաշինկթըն կը փորձէ մէկ տարուան ճանապարհը ներկայացնել որպէս այդ խոստումներու առաջին շօշափելի արդիւնքը։ Ամերիկեան կողմը կը նշէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային կայունութիւնը պահպանուած է, իսկ երկու կողմերն ալ քայլեր կը ձեռնարկեն յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Ասիկա ինքնին կարեւոր փոփոխութիւն է, որովհետեւ տեւական խաղաղութեան մը առաջին պայմանը պատերազմական տրամաբանութեան փոխարինումն է քաղաքական երկխօսութեամբ եւ գործնական համագործակցութեամբ։
Այդ համագործակցութեան ամենակարեւոր բաղադրիչներէն մէկը TRIPP-ն է՝ «Թրամփի ուղին՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան» նախագիծը։ Տարի մը առաջ միայն տեսլական մը հանդիսացող այս ծրագիրը այսօր կը ներկայացուի որպէս իրականացման ընթացքի մէջ գտնուող տարածաշրջանային ենթակառուցուածքային նախաձեռնութիւն։ Հայաստանի մէջ արդէն կը կատարուին ճարտարագիտական ուսումնասիրութիւններ, իսկ ենթակառուցուածքներու զարգացման նպատակով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները նոր փուլ կը բանան ծրագրին համար։ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ եւս աշխատանքներ կը կատարուին Հայաստանի տարածքին նախատեսուած TRIPP-ին միացող ճանապարհային եւ երկաթուղային ենթակառուցուածքներու ուղղութեամբ։ Միաժամանակ կը նախատեսուի նաեւ ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցում։
Այս զարգացումները կարեւոր են ոչ միայն տնտեսական իմաստով։ Հարաւային Կովկասի աշխարհագրական դիրքը երկար ժամանակ աւելի շատ ընկալուած է որպէս հակամարտութեան գօտի, քան՝ տնտեսական կապակցուածութեան տարածք։ TRIPP-ի եւ Միջին միջանցքի զարգացման պարագային այս ընկալումը կրնայ աստիճանաբար փոխուիլ։ Հայաստանը կրնայ ստանձնել տարածաշրջանային հաղորդակցութեան կարեւոր հանգոյցի դեր, իսկ այդ հանգամանքը կրնայ իր հերթին նոր ներդրումներ, առեւտրական հոսքեր եւ տնտեսական հնարաւորութիւններ ստեղծել։
Այս ամբողջ գործընթացին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը եւս աստիճանաբար կը խորանայ։ Ուաշինկթըն 201 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ յատկացուցած է Անդրկասպեան ձեռնարկութիւններու հիմնադրամին՝ Միջին միջանցքի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ մասնաւոր ներդրումներու ներգրաւումը խթանելու համար։ Միաժամանակ, Միացեալ Նահանգները կը զարգացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ իր երկկողմ յարաբերութիւնները՝ նոր ռազմավարական գործընկերութիւններով եւ տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագրերով։ Ուժանիւթի անվտանգութիւնը, սահմանային ենթակառուցուածքները, անվտանգութիւնը, արհեստական բանականութիւնը, կիսահաղորդիչները եւ կենսական հանքանիւթերը այլեւս կը մտնեն տարածաշրջանային քաղաքականութեան օրակարգին մէջ։
Այսպիսով, խաղաղութեան գործընթացը աստիճանաբար կը ստանայ աւելի լայն բնոյթ։ Խօսքը այլեւս միայն Հայաստան–Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին չէ։ Տարածաշրջանը կը դառնայ տնտեսական, հաղորդակցական եւ ռազմավարական շահերու հատման կէտ մը, իսկ Միացեալ Նահանգները կը փորձէ այս նոր իրականութեան մէջ ունենալ երկարաժամկէտ ներկայութիւն եւ ազդեցութիւն։
Միաժամանակ, Ուաշինկթըն կը մատնանշէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սկսած տնտեսական փոխկապակցուածութեան շօշափելի օրինակները։
Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ տարանցման սահմանափակումներու վերացումը եւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին շուրջ 60 հազար թոն ապրանքի փոխադրումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանին 20 հազար թոն նաւթամթերքի մատակարարումը, նոր իրավիճակի ուշագրաւ դրսեւորումներ են։ Երկու երկիրներու հեռահաղորդակցութեան սարքակազմերու վերաբերեալ մկնքուած համաձայնագիրն ալ կը վկայէ, որ համագործակցութիւնը կը փորձուի ընդլայնել նաեւ թուային ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ։
Այս բոլոր քայլերը միասին կը ստեղծեն այնպիսի փոխկապակցուածութիւն մը, որ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ կրնայ խաղաղութեան լրացուցիչ հիմք դառնալ։ Որքան աւելի շատ տնտեսական, հաղորդակցական եւ ենթակառուցուածքային կապեր ստեղծուին, այնքան աւելի մեծ կը դառնայ խաղաղութեան պահպանման ընդհանուր շահը։ Սակայն այս մէկը ինքնին դեռ վերջնական երաշխիք չէ։ Ի վերջոյ պատերազմներու պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ տնտեսական շահերը կրնան կարեւոր դեր ունենալ, բայց խաղաղութիւնը վերջնականապէս կը հաստատուի միայն այն ժամանակ, երբ անոր ետին կանգնած են քաղաքական կամք, փոխադարձ վստահութիւն եւ յստակ իրաւական պայմանաւորուածութիւններ։
Այս իմաստով կարեւոր է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի եւ անոր առնչուող կառոյցներու լուծարումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համատեղ դիմումին հիման վրայ։ Այս քայլը խորհրդանշական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան կը ներկայացուի որպէս նախկին հակամարտութեան միջազգային միջնորդական համակարգի փակման եւ նոր քաղաքական իրողութեան անցնելու նշան։ Սակայն այստեղ եւս պատմական էջ մը փակելը դեռ չի նշանակեր, որ անցեալի բոլոր հետեւանքները ինքնաբերաբար վերացած են։ Հաշտեցումը, վստահութեան վերականգնումը եւ հասարակութիւններու միջեւ նոր ընկալումներու ձեւաւորումը աւելի երկար գործընթացներ են։
Հայաստանի համար այս նոր իրավիճակը միաժամանակ կը պարունակէ մեծ հնարաւորութիւններ եւ լուրջ պատասխանատուութիւններ։ Խաղաղութիւնը կրնայ դառնալ ոչ միայն պատերազմի բացակայութիւն, այլեւ տնտեսական զարգացման, տարածաշրջանային կապակցուածութեան եւ միջազգային նոր գործընկերութիւններու հիմք։ Բայց այդ հնարաւորութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ազգային շահերը մնան բոլոր պայմանաւորուածութիւններու կեդրոնին մէջ։
Հոս է, որ TRIPP-ի հարցը կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն։ Հայաստանի համար հաղորդակցական նոր ուղիներու բացումը կրնայ պատմական տնտեսական առիթ մը ըլլալ, սակայն անոր իրական արժէքը պիտի որոշուի այն պայմաններով, որոնց ներքեւ այդ ուղիները պիտի գործեն։ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ իրականացուող որեւէ նախագիծ պէտք է հիմնուած ըլլայ Հայաստանի օրէնսդրութեան, իրաւազօրութեան եւ պետական վերահսկողութեան վրայ։ Միայն այդ պարագային հաղորդակցական բացուածքը կրնայ դառնալ ոչ թէ նոր խնդիրներու աղբիւր, այլ՝ երկարաժամկէտ անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան գործօն։
Ուաշինկթըն իր յայտարարութեան մէջ նաեւ կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայինօրէն ճանաչուած սահմաններուն մէջ իրաւազօրութեան նկատմամբ իր աջակցութիւնը։ Այս շեշտադրումը կարեւոր է, որովհետեւ տարածաշրջանային նոր համակարգի կայունութիւնը պիտի կախուի ոչ միայն տնտեսական ծրագրերու յաջողութենէն, այլեւ այն սկզբունքի պահպանումէն, որ երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է կառուցուին փոխադարձ ճանաչման եւ իրաւական հիմքերու վրայ։
Այդուհանդերձ, մէկ տարի անց խաղաղութեան գործընթացը վերջնականապէս աւարտած համարելը վաղաժամ պիտի ըլլայ։ Իրական խաղաղութիւնը մէկ գագաթնաժողովով չի հաստատուիր, ինչպէս նաեւ մէկ փաստաթուղթով չի պահպանուիր։ Անոր համար անհրաժեշտ են շարունակական քաղաքական երկխօսութիւն, սահմաններու յստակեցում, փոխադարձ վստահութեան ամրապնդում եւ այնպիսի տնտեսական կապերու ստեղծում, որոնք երկու կողմերուն համար խաղաղութիւնը դարձնեն աւելի շահեկան, քան հակամարտութիւնը։
Այս պատճառով ալ Թրամփ–Փաշինեան–Ալիեւ գագաթնաժողովի առաջին տարեդարձը պէտք է դիտարկել ոչ թէ որպէս խաղաղութեան վերջնական յաղթանակի յայտարարութիւն, այլ՝ որպէս կարեւոր հանգրուան մը դէպի այդ նպատակին հասնելու ճանապարհին։ Անցած մէկ տարին ցոյց տուած է, որ հնարաւոր է հակամարտութեան տրամաբանութենէն անցնիլ համագործակցութեան տրամաբանութեան։ Սակայն այդ փոփոխութիւնը դեռ պէտք է ամրապնդուի եւ դառնայ անշրջելի։
Ի վերջոյ, Հարաւային Կովկասի ապագան պիտի որոշուի ոչ թէ այն բանով, թէ քանի յայտարարութիւն կը ստորագրուի կամ քանի հանդիպում կը կազմակերպուի, այլ՝ այն բանով, թէ արդեօք ժողովուրդները պիտի կարողանա՞ն զգալ խաղաղութեան իրական արդիւնքը իրենց առօրեայ կեանքին մէջ։ Երբ սահմանին լռութիւնը վերածուի վստահութեան, երբ ճանապարհները բացուին առանց ինքնիշխանութեան կորստեան, երբ առեւտուրը դառնայ բնական երեւոյթ, իսկ տնտեսական համագործակցութիւնը՝ ընդհանուր շահի հիմք, այն ժամանակ միայն կարելի պիտի ըլլայ ըսել, որ խաղաղութեան խոստումը իրականութիւն դարձած է։
Թրամփի «խոստումները տրուած են, խոստումները կատարուած են» խօսքը, հետեւաբար, այսօր աւելի շատ պարտաւորութիւն է, քան վերջնական յայտարարութիւն։ Խաղաղութեան առաջին քայլերը կատարուած են, սակայն իրական պատմական փորձութիւնը դեռ առջեւն է։ Եթէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը, Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, կարենան պահպանել այս ընթացքը եւ իրենց պայմանաւորուածութիւնները վերածել կայուն ու անշրջելի իրականութեան, ապա Հարաւային Կովկասը կրնայ վերջապէս փակել պատերազմի երկար դարաշրջանը եւ մուտք գործել համագործակցութեան, կապակցուածութեան ու տնտեսական զարգացման նոր ժամանակաշրջան։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս