Մենք Իրանի դէմ պատերազմի աւարտական փուլը կը մտնենք։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՄՆ-ի ֆինանսներու նախարար Սքոթ Պեսընթը։
«Նախագահ Թրամփ կազմաքանդած է Իրանի ռազմական կարողութիւնները, ոչնչացուցած անոր ռազմական գործարաններուն գրեթէ 100 տոկոսը եւ գետնին հաւասարեցուցած անոր միջուկային ծրագիրը։
Մենք այժմ վերջնախաղի փուլը կը մտնենք։ Արշալոյսին կը սկսի տնտեսական «D օրը»՝ երբեւէ հակառակորդի մը դէմ սանձազերծուած ամենամեծ ֆինանսական յարձակումը։
Իրան գոյատեւած է՝ շորթումը ներկայացնելով իբրեւ անվտանգութեան երաշխիքներ։ Նախագահ Թրամփի օրով այդ ժամանակաշրջանը աւարտած է։ Եւ անոնք, որոնք կը վախնան Թեհրանի հակառակելու վտանգէն, պէտք չէ թերագնահատեն Ուաշինկթընը փորձութեան ենթարկելու գինը։
Նախագահը պայմաններ ստեղծած է՝ գործի դնելու իւրաքանչիւր գերատեսչութիւն, իւրաքանչիւր լիազօրութիւն եւ գործողութիւն, որոնց մասին շատեր կը կարծէին, թէ մենք երբեք պիտի չդիմենք անոնց։ Մեր նպատակն է կտրել բոլոր տնտեսական կենսական թելերը, որոնք կը սնուցանեն բռնատիրական վարչակարգը, մինչեւ Թեհրան մնայ մինակ»,- գրած է Սքոթ Պեսընթը։