image

Սրտաբուխ Գովերգ Ս. Աստուածածնին (Վերափոխման տօնին առիթով) . Գրեց՝ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

Սրտաբուխ Գովերգ Ս. Աստուածածնին (Վերափոխման տօնին առիթով) . Գրեց՝  Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

Սրտաբուխ Գովերգ Աստուածածնին 

Մայր մեծարուած, կոյս երանուած

Բիւր գովքերու արժանացած

Օրհներգութիւն հեղինակած

Ո՜վ ընտրուած, պատիւ կրած

Կոչումովդ վայելչացած

Հաստատ հաւատք ցուցաբերած

Խոստումներով յուսադրուած

Տիրոջ կամքին համակերպած

Սերունդներով յիշատակուած

Բարեխօսող հանդիսացած

Մեր կեանքին հետ առնչուած

Տիրոջ գործին փառքը տեսած

Հրաշքներու միջնորդ եղած

Պաշտամունքով ջերմ, երկիւղած

Խօսուն_օծուն, դէմք խնկուած

Անբիծ հետքով սիրտեր շահած

Քրիստոսէն մեզ կտակուած

Հոգիով դուն պայծառացած

Մարմնով երկինք փոխադրուած

Խաչի ճամբով ցաւեր ապրած

Սուրբ Յարութեան վկան դարձած

Խոնարհելով վեր բարձրացած

Ողջ մարդկութեան յոյս_լոյս սփռած

Պատգամդ է "Դարձ առ Աստուած"։

Աստուածամայր եղանք յոգնած

Հոգւով տրտմած, տկարացած

Թէեւ մասամբ մը սպառած

Բայց քեզմով մենք խանդավառուած

Օրինակէդ ներշնչուած

Կ`ակնկալենք Փրկչէն գթած

Ներման շնորհք առատացած

Իր սիրովը բոցավառուած

Մնանք խաչով հզօրացած

"Մենք"ին համար գործի լծուած։

Սիրելի մայր վերափոխուած

Սրտի խօսքեր սրտասանուած

Կամ գովերգներ շարահիւսուած

Լսէ, քանզի միաբանած

Կը պատուենք քեզ երջանկացած

Որ ըլլանք մենք միշտ օրհնուած։

 

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...