image

Սրի Լանքայի նախագահը խոյս տուած. Ցուցարարները մուտք գործած են նստավայր (Տեսանիւթ)

 Սրի Լանքայի  նախագահը  խոյս տուած. Ցուցարարները մուտք գործած են  նստավայր (Տեսանիւթ)

Սրի Լանքան կը տառապի սննդամթերքի եւ վառելանիւթի անբաւարարութենէն, ելեկտրականութեան երկարատեւ անջատումներէ եւ սրընթաց աճող սղաճէն այն բանից յետոյ, երբ սպառած է կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներ ներածելու համար անհրաժեշտ արտարժոյթը:

 

Սրի Լանքայի նախագահ Կոթապայա Ռաճապաքսան փախած է Գոլոմպոյի իր պաշտօնական նստավայրէն, երբ ցուցարարները, որոնք հաւաքուած էին անոր հրաժարականը պահանջելու համար, ներխուժած են համալիրի տարածք, AFP-ին յայտնած է պաշտպանութեան մարմիններուն մէջ բարձրաստիճան աղբիւրը:

«Նախագահին ուղեկցած են անվտանգ վայր», ըսած է աղբիւրը` յաւելելով, որ զօրքերը օդ կրակած են, որպէսզի թոյլ չտան զայրացած ամբոխին գրաւելու նախագահական պալատը:

Սրի Լանքան կը տառապի սննդամթերքի եւ վառելանիւթի անբաւարարութենէն, ելեկտրականութեան երկարատեւ անջատումներէ եւ սրընթաց աճող սղաճէն այն բանից յետոյ, երբ սպառած է կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներ ներածելու համար անհրաժեշտ արտարժոյթը:

Մարդոց հսկայական բազմութիւն հաւաքուած է մայրաքաղաքին մէջ` ցոյցի, որ երկրին մէջ աննախադէպ տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով յառաջացած անկարգութիւններու վերջին դրսեւորումն է:

Ոստիկանութիւնը չեղարկած է Ուրբաթ օր յայտարարուած պարէտային ժամը այն բանէն յետոյ, երբ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, իրաւապաշտպանները եւ փաստաբաններու միութեան սպառնացած են դատի տալ ոստիկանապետը:

Հազարաւոր հակակառավարական ցուցարարներ արհամարհած են տունը մնալու հրամանը եւ նոյնիսկ ստիպած են երկաթուղիի իշխանութիւններուն գնացքներ գործարկել` շաբաթօրեայ հանրահաւաքին իրենց Գոլոմպօ տանելու համար, յայտնած են պաշտօնատար անձեր: