«Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային ընկերութիւն» (ԶՊՄԿ) Փակ Բաժնետիրական ընկերութեան Կայուն զարգացման գիծով տնօրէն եւ միեւնոյն ժամանակ «Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւն»ի բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ստեփանեանի հետ «Արեւելք» զրուցած է կայուն զարգացման խնդիրներու, սփիւռքահայութիւնը Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան կարեւոր դերի մասին իրազեկելու եւ այլ հարցերու շուրջ:
-Պր. Ստեփանեան, «ԶՊՄԿ» Փակ Բաժնետիրական ընկերութեան կայուն զարգացման տնօրինութիւնը ի՞նչ աշխատանքներ կը համակարգէ:
Այն ուղղութիւնները, զորս կը տնօրինէ այս կառոյցը՝ բնապահպանական, ընկերային պատասխանատուութեան, աշխատանքային ու արտադրական անվտանգութեան ու արտաքին ու ներքին հաղորդակցութեան միջոցներու ուղղութիւններն են: Այս չորս հիմնական ուղղութիւնները համակարգելով՝ մենք մեր առջեւ դրած ենք խնդիր՝ բոլոր այս նշուած ոլորտներու ծրագիրներն ու աշխատանքները համապատասխանեցնել Հայաստանի հանրապետութեան կանոնադրութեան ու օրէնսդրութեան: Ինչպէս գիտէք՝ ընկերութիւնը մեծ աշխատանք կը տանի շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան ու պահպանութեան, աշխատանքային անվտանգութեան ուղղութեամբ՝ կարեւորելով ամենագլխաւորը՝ մեր աշխատակիցներու անվտանգութիւնն ու առողջութիւնը: Մենք չենք սահմանափակած մեր գործունէութիւնը այդ աշխատանքները համապատասխանեցնելով միայն տեղական, այսինքն հայաստանեան օրէնքներուն. մենք ստանձնած ենք պատասխանատուութիւն եւ դրսեւորած ենք կամք՝ բոլոր այդ ծրագիրները համապատասխանեցնելու նաեւ միջազգային շարք մը չափորոշիչներու: Անոնցմէ է օրինակ, Միջազգային ֆինանսական միութեան չափանիշները, որոնք կ'երեւի մեր ոլորտի ամենալայն կիրառութիւնն ունեցողներն են: Կան նաեւ այլ միջազգային չափանիշներ, որոնց համապատասխան կը գործենք, բայց ամենայայտնին այս նշածս է, միւսները անոր զուգահեռ են:
-Պր. Ստեփանեան, շատ բան փոխուած է մեր երկրին մէջ, յատկապէս 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ: Այսօր մեզի համար գերխնդիր է սահմանային իրավիճակը, եւ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը, գտնուելով սահմանամերձ Սիւնիքի մէջ, ի՞նչ մտահոգութիւններ եւ անվտանգային խնդիրներ կը դիմագրաւէ այդ առումով, նկատի ունենալով նաեւ, որ Հայաստանի պիւտճէի կարեւոր աջակից ոլորտի՝ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի սիրտը Սիւնիքի մէջ է:
Այո՛, հանքարդիւնաբերութեան սիրտը Սիւնիքի մէջ է, եւ այսօր Սիւնիքին նկատմամբ ուշադրութիւնը ոչ միայն հանքարդիւնաբերական տեսանկիւնէ է, այլ նաեւ մնացեալ բոլոր տեսանկիւններէն ու այդ ուշադրութիւնը հետզհետէ աւելի կը շատնայ եւ Սիւնիքն ալ իսկապէս ունի՛ անոր կարիքը: Այսօր մարզը պէտք է մեր բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը ըլլայ ոչ միայն 2020 թուականի պատերազմի տեսանկիւնէ, այլ նաեւ՝ մանաւանդ արցախեան վերջին իրադարձութիւններէն յետոյ: Ու այսօր մենք շատ ուրախ ենք, որ կը տեսնենք օր ըստ օրէ աւելի մեծցող այդ ուշադրութիւնը Սիւնիքի հանդէպ: Այս օրերուն, բոլոր հարցերուն հետ միեւնոյն ժամանակ կարեւորութիւն կը տրուի նաեւ մեր աշխատակիցներու անվտանգութեան, որոնք կ'ապրին եւ կ'աշխատին ժողովրդական լեզուով ըսելով՝ սահմանի բերանը: Մեր մնացած բոլոր աշխատակիցներու հետ անոնց անվտանգութիւնն ալ մեր առաջնահերթութիւններէն է: Ես կը տնօրինեմ նաեւ բարեգործական հիմնադրամը, եւ նշեմ, որ մեր բարեգործական ուղղութիւններէն մէկը նաեւ սահմանամերձ այդ հատուածներու որոշակի աշխատանքներն են: Այդ ուղղութեամբ տարուող բոլոր ծրագիրները մենք կը համաձայնեցնենք մարզպետարանի, Տեղական ինքնակառավարման միւս մարմիններուն հետ, շատ գործեր մենք համատեղ կ'ընենք, անմասն չենք մնար ընդհանուր աշխատանքներէն, ի հարկէ, այդ մասին ոչ միշտ յայտարարելով:
Օգնելով սահմանին վրայ տարբեր գործունէութիւն իրականացնող կառոյցներուն՝ մենք այդ ձեւով նաեւ կ'օգնենք թէ՛ մեր աշխատակիցներուն, որոնք կ'ապրին այնտեղ եւ թէ՛ սահմանամերձ գօտիներու բնակչութեան ընդհանրապէս: Անվտանգային աւելի մեծ հարցեր պարզապէս չենք կրնար լուծել, չունինք իրաւասութիւնն ու հնարաւորութիւնը:
-Վերջին շրջանին շատ կը խօսուի կայուն զարգացման մասին, այդ առումով ի՞նչ առաջընթացի մասին կրնաք խօսիլ:
Կայուն զարգացման դասական սահմանումն այն է, որ եթէ շահագործես որեւէ աղբիւր, պէտք է այնպէս շահագործես, որ ապագայ սերունդները նոյնպէս օգտուին անկէ: Հանքարդիւնաբերութեան մէջ այն քիչ մը ուրիշ մեկնաբանութիւն ունի. եթէ ընդհանուր նկարագրեմ, ըսեմ, որ մենք կրնանք անընդհատ խօսիլ արդիւնաբերութեան, արտադրողականութեան մեծնալու մասին, բայց մենք այդպէս մեծ առումով հարց չենք լուծեր, այսինքն ատիկա առաջընթաց չի համարուիր, այլ կը համարուի ուղղակի արտադրողականութեան աճ, իսկ առաջընթաց գրանցելու համար մենք պէտք է ապացուցենք, որ արտադրողականութիւնը շատցնելով՝ այդ կ'ընենք բարոյապէս ճիշդ: Այսինքն, մենք պէտք է ապացուցենք, որ արդիւնաբերութիւն զարգացնելով եւ արտադրողականութիւն տալով մենք չենք աղտոտեր շրջակայ միջավայրը, սերունդներուն կը ձգենք մաքուր միջավայր, այդ կ'ընենք պատշաճ կերպով: Կայուն զարգացման տեսանկիւնէն մենք ամէն տարի ցոյց կու տանք՝ արդեօ՞ք մենք բարոյագիտական առումով ճիշդ կը շահագործենք մեր ընդերքը, ճիշդ կը կազմակերպենք մեր արտադրութիւնը եւ այլն՝ թողելով մեր սերունդներուն մաքուր շրջակայ միջավայր: Մենք այս հարցերը լուծելու վրայ շատ լուրջ միջոցներ կը ծախսենք արտադրութիւնը կազմակերպելով այնպէս, որ մենք մեզմէ գոհ ըլլանք: Իսկ այդ չափելի է, եւ տեսէք, թէ ինչպե՛ս չափելի է. եթէ մենք կը շահագործենք ընդերքը եւ մեր աշխատանքները կը համապատասխանեցնենք շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան ուղղուած օրէնսդրական խնդիրներուն, պահանջներուն, աշխատանքային անվտանգութեան, այդ մասը ապահովելով, այնտեղ կանգ չենք առներ, կը ստանձնենք պարտաւորութիւն՝ աշխատանքները նաեւ միջազգային չափանիշներուն համապատախսանեցնելու եւ այնպէս ա՛լ աւելի չափելի եւ տեսանելի կը դառնայ մեր աշխատանքը:
«Կայուն զարգացում» արտայայտութիւնը շատ լայն կիրառելի եզր է այսօր ողջ աշխարհով, նամանաւանդ հանքարդիւնաբերութեան մէջ եւ այդ այն շրջանակն է, որով մենք կ'առաջնորդուինք: Բայց այսօր «կայուն զարգացում» եզրաբանութիւնը նահանջ կ'ապրի, փոխարէնը կ'օգտագործուի «Բնապահպանական, ընկերային եւ ընկերակցական կառավարում» (Environmental, social, and governance) հասկացութիւնը: Այդ նոյնինքը՝ կայուն զարգացման հիմքն է, որ կ'ընդգրկէ կայուն զարգացման երեք ուղղութիւնները: Եւ իրականացնելով բնապահպանական, ընկերային եւ ընկերակցական կառավարում՝ արդէն իսկ կայուն զարգացումն ապահովուած է:
-Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը իրականացնելով միջազգային չափորոշիչներուն համապատասխան գործունէութիւն, միջազգային առումով աւելի հեշտ ձեռք կը բերէ՞ միջազգային գործընկերներ, որոնք կը գնահատեն առաջընթացը:
Հանքարդիւնաբերութիւնը այնքան մեծ ձեռնարկատիրութիւն է, որ գործընկերները այսպէս թէ այնպէս շատ են: Այսօրուան աշխարհին մէջ շատ կարեւոր է, որ գործընկերդ այդ շղթային մէջ ըլլայ միջազգային կամ գոնէ տեղական չափորոշիչներուն համապատասխանող կազմակերպութիւն, այսինքն համապատասխանելով այդ չափորոշիչներուն, մենք այդ առումո՛վ ալ գործընկերներ ձեռք կը բերենք:
-Սփիւռքը այնքան ալ տեղեակ չէ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի նշանակութեան մասին մեր երկրի համար: Այդ առումով ի՞նչ ունիք ըսելու Սփիւռքին:
Ես հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջն եմ արդէն աւելի քանի 16 տարի եւ սփիւռքի կողմէ մեր հանքարդիւնաբերութեան հանդէպ տարբեր դրսեւորումներ տեսած եմ: Սփիւռքի մաս մը կայ, որ Հայաստանին կը նայի իբրեւ Տիզնիլենտ կամ Ուոնտըրլենտ, կը նայի իբրեւ երկիր մը, ուր պէտք չէ ըլլայ հանքարդիւնաբերութիւն: Իմ ուղերձը եւ նաեւ խնդրանքը մեր սիրելի հայրենակիցներէն այն է, որ վերանային իրենց այդ մօտեցումը: Այդ կերպ նայելով հայրենիքին՝ կը նշանակէ իյնալ պատրանքներու մէջ, ապրիլ իրականութենէ կտրուած: Որպէսզի մենք ունենանք զարգացած երկիր եւ զարգացած տնտեսութիւն, մենք պէտք է ունենանք զարգացած հանքարդիւնաբերութիւն: Կը շեշտեմ յատկապէս զարգացած բառը, որովհետեւ ժամանակակից, զարգացած հանքարդիւնաբերութիւնը կ'ենթադրէ կայուն զարգացման բոլոր ուղղութիւններու իրականացում, իսկ անոր կարեւորութիւնը արդէն նշած եմ: Այո՛, մեզի պէտք չեն հանքավայրեր, որոնք կ'աղտոտեն շրջակայ միջավայրը, այս հարցով ես համակարծիք եմ բոլորին հետ, բայց նաեւ վստահ եմ, որ կարելի է կազմակերպել հանքարդիւնաբերութիւնը՝ մաքուր պահելով շրջակայ միջավայրը եւ վստահ, ուղիղ նայելով բոլորի աչքերուն՝ կրնամ ըսել, որ մենք կը կարողանանք ընել այդ: Իսկ մեր սփիւռքահայերուն մէջ կայ մաս մը, որ համակարծիք է իմ հետ այն առումով, որ մեր պետութիւնը պէտք է ունենայ ուժեղ տնտեսութիւն, իսկ ուժեղ տնտեսութիւնն ուղղակի կապուած է հանքարդիւնաբերութեան հետ: Եւ ես այդ գիտակից հատուածէն կը խնդրեմ, որ այս հարցերը աւելի բարձրաձայնեն սփիւռքի տարբեր շրջանակներու մէջ. սփիւռքը բազմաշերտ է, եւ անհրաժեշտութիւն կայ տարբեր խումբերու, տարբեր երկիրներու մէջ ամէն առիթով միշտ կարեւորել մեր հայրենիքի այս ոլորտը, ողջունել նոր հանքերու բացումը, որովհետեւ նոր հանքը կը բերէ նոր գիտարուեստներ, նոր գիտելիքներ, նոր փորձառութիւններ, նոր կարողութիւններ մեր երկրին, որոնք այսօր անհրաժեշտութիւն են: Միայն Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան մասին չէ խօսքը, միայն անով պիտի չբաւարարուինք, եւ մեր պետութեան ապագան պէտք է կառուցենք ուժեղ տնտեսութեամբ, ուժեղ կրթութեամբ, հզօր բանակով: Այս ամէն ինչը իրարու հետ շաղկապուած է: