Մեզի համար պատիւ է ողջունել Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը, երկրորդ տիկին Ուշա Վենսը եւ անոնց ընտանիքը Հայաստանի մէջ՝ այս պատմական այցի ընթացքին։ Մեր երկու երկիրներու գործընկերութեան առումով սա յիրաւի շրջադարձային պահ է։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը։
«Փոխնախագահ Վենսը կը հանդիպի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ ընդգծելու օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Խաղաղութեան գագաթնաժողովէն ետք գրանցուած խոշոր ձեռքբերումները, առաջ մղելու ԹՐԻՓՓ-ի իրականացումը եւ նախանշելու հայ-ամերիկեան ռազմավարական գործընկերութեան նոր փուլը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Նշենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը տիկնոջ՝ Ուշա Վենսի հետ երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Հայաստանի Հանրապետութիւն։
Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան դիմաւորած են Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը եւ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը։
Ճէյ Տի Վենսն օդակայանէն ուղեւորուած է ՀՀ նախագահական նստավայր, ուր տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի հանդիպումը։
Կառավարութենէն յայտնած են, որ հանդիպումէն ետք Փաշինեանն ու Վենսը հանդէս եկած են յայտարարութիւններով:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը Հայաստան պիտի գտնուի փետրուար 9-10-ը։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի այցի ընթացքին պիտի ըլլան զարգացումներ, որոնք աւելի պիտի խորացնեն Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները՝ թոյլ տալով համագործակցութեան նոր ոլորտներ բացայայտել:
Ճէյ Տի Վենսի այցին ընդառաջ նախագահականի դիմաց տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց` Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով։