1.Խոլորձ, ձուատակ, որձարմատ
Եւրոպական արդի լեզուներուն մէջ կը կոչուի orchidée, լատիներէն orchis, որ իր կարգին հետեւած է յունարէն orchidion-ին, որ կը նշանակէ... ամորձիք: Այս մեկ-նաբանութեան բերումով`մեր գրաբարէն աւանդուած խոլորձ անունին կից զայն կոչած ենք նաեւ ձուատակ եւ որձարմատ . ձու՝ ամորձիք, որձ՝ արու:
Անունին կերտիչն է Քա. Ե. դարու յոյն բուսաբան Թէոփրաստը, որ ինչ-որ նմանութիւններ նկատած է խոլորձի արմատներուն եւ արական ամորձիքներուն միջեւ: Այս նմանութիւնը միայն վերացական հասկացութիւն մը չէ եղած, քանի որ յոյները խոլորձի արմատները կը գործածէին իբրեւ սեռային խթանիչ (stimulant sexuel):
Տարածուած է աշխարհի բոլոր կողմերը, յատկապէս բարեխառն շրջաններու ու
մասնաւորաբար արեւադարձային գօտիին մէջ: Ունի 25.000 տարբերակ:
* * *
Վերջերս հետզհետէ կը բազմանան ենթակայ/բայ թուական անհամա-ձայնութեան օրինակները, եւ կրնամ անվարան ըսել, թէ ոչ մէկ թերթ զերծ է այս վրէպէն,-տարբերութիւնը միայն յաճախականութեան մէջ է,- այն աստիճան, որ պարզապէս... կը զարմանամ, եւ ան չի դադրիր մտահոգիչ թերացում մը ըլլալէ:
Այսպիսիներուն մէջ շեշտուած է պարագան «Ակօս»-ին:
--Հայ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը այցելեցին...
--Այս իրողութիւնը կը հաստատեն համաշխարհային ակադեմիան...
--Այդ բոլորը ծիծաղելի կերպով կը մեղադրուի...
--Իմ առաջին բանաստեղծութիւններս լոյս տեսած է...
--Այդ ծիրէն ներս լոյս տեսած են թարգմանական ահագին գրականութիւն...
--Հայհոյանքներն ալ ընդհանրապէս անոնց ուղղեալ կ’արտասանուի...
* * *
«Ազդակ»-ը չէր կրնար անշուշտ կրնկակոխ չհետեւիլ անոր:
--Ընդգծած են Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը (13/3/2025):
--Կոստանեան ընտանիք իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն (15/3/2025):
--Լիբանանցիները իրենց հացը կիսեց հայութեան հետ (26/4/2025):
--Քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը ի՞նչ տուաւ (23/5/2025):
--Թաղապետական ընտրութիւնները... առաջին քայլը ըլլայ (27/5/2025):
--Լիբանանի գիւղերը յարձակումին պատճառով քանդուեցաւ(17/6/2025):
3. Միութեան գծիկ եւ անջատման գիծ
Արդի արեւմտահայը չի ճանչնար անջատման գիծի արժէքը եւ... ընդհան-րապէս կ’անտեսէ զայն. այս անտեսումը բաւական սուղ կ’արժէ մեր լեզուին:
Այս նշանը հիմնովին մերժողներուն մէջ յատուկ տեղ ունի «Ազդակ»-ը, եւ անշուշտ մասնաւորաբար անոր քաղաքական էջը, որ ուղղափառ հայերէնի աղաւաղումին մէջ միշտ ու ամէնուր յառաջապահ դիրքի վրայ է:
Nobblesse oblige !!!
-Ազնուականութիւնը կը պարտադրէ,- պիտի հանգամանալից շեշտով ու առանց ճապկումի հաստատէր Նուազի լը Գրանդի պատրիարքը:
Հարցի մանրամասն քննարմկումը ձգելով աւելի յարմար ժամանակի մը, այստեղ բերենք այդ անտեսումի մէկ օրինակը.
--«Քաղաքացիները 67-էն 88 տարեկանի միջեւ են (3/6/2025, էջ 1):
Անջատման գիծի ճիշդ կիրարկման պարագային պիտի ըսէինք ու գրէինք.
--Քաղաքացիները 67-88 տարեկան են:
Անջատման գիծը երկու թիւերու միջեւ կը նշանակէ մինչեւ:
Ուրեմն գրած ու ըսած եղանք.
--Քաղաքացիները 67-էն մինչեւ 88 տարեկան են:
4. Թէ... եթէ
Այս երկու շաղկապները կը շարունակեն շփոթուիլ արեւմտահայուն գրիչին տակ՝ իբրեւ հետեւանք անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի իւրայատուկ հարցական նախադասութեան մը կաղապարին, որուն առհասարակ ծանօթ է ան: Օրինակ՝
--Չեմ գիտեր, եթէ յեղափոխութիւնը արտածման մասին կը խօսի («Ազդակ», 3/6/2025, էջ 8):
--Հաստատապէս չեմ գիտեր, եթէ ամառը տաք պիտի ըլլայ... («Ազդակ», 30/7/2025, էջ 2):
Գրողը աչքի առաջ ունի բարդ ստորադասական նախադասութիւն մը, որուն ֆրանսերէնը կը սկսի՝ Je ne sais si… կամ անգլերէնը՝ I don’t know if… գլխաւոր-ներէն մէկով:
Ասոնք հայերէն պարտին տալ՝
--Չեմ գիտեր, թէ ...
Զուրկ եւ զերծ
Արդի գրողը կը շփոթէ այս երկու ածականները եւս:
--Իրան կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքը զուրկ դարձնել հիւլէական զէնքերէ («Ազդակ», 3/6/2025, էջ 8):
Մինչդեռ պէտք էր գրել՝ «զերծ դարձնել հիւլէական զէնքէ»:
Մրցոյթ 35.
***Սրբագրէ՛ անհամասեռութիւնն ու քերականական զոյգ սխալները:
---Պատուիրակը յորդորեց զիրար յարգելու եւ դրացիներուն հետ խաղաղութեամբ եւ բարգաւաճումով ապրիլելու:
***Ո՞ր բառերը կը տեղափոխես:
---Միայն Սուրիական պետութիւնը միայն կարող է սուրիական բոլոր հողերուն վրայ պահպանել իր հեղինակութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանել :
***Ի՞նչ բառով կրնաս փոխարինել հետեւեալին ընդգծուած հատուածը:
---Հզպալլան պետութիւնը նեղ եւ ոչինչ կատարելու կարող անել կացութեան մէջ կը դնէ:
***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Ֆրանսա պատրաստ է Լիբանան-Սուրիա սահմանի սահմանագծման աջակցութիւն տրամադրելու:
***Փորձէ՛ կիրթ հայերէնով ըսել հետեւեալը.
---Երկխօսութիւնը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին լուրջ ընթացք կը ստանայ շաբաթներուն կը մեկնարկէ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8,5), Միրնա Սիւլիւքճեան (5), Գէորգ Եազըճեան (10), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (7), Լեւոն Շառոյեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (10), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 36.
***Սրբագրէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Հզպալլան իր դիրքորոշումին մէջ մագլցում արձանագրեց եւ անցնող
ժամերուն ընդգծեց զէնքին կառչիլը («Ազդակ», 23/7/2025, էջ 2):
***Հետեւեալին ո՞ր բառըկը տեղափոխես.
---Հայաստանի վարչապետը նաեւ կը մասնակցէր շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին («Նոր Յառաջ», 2182)։
***Հետեւեալներուն ո՞ր բառերը կը ջնջես.
---Տեսակէտներու փոխանակում կատարեցինք այն հարցի շուրջ, թէ Լիբա-նանը պաշտպանելու համար ի՛նչ կարելի է ընել («Ազդակ», 25/7/2025, էջ 2):
***Ի՞նչ բառով կը փոխարինես ընդգծուած բառակապակցութիւնը:
---Իրան մնա յուն կերպով լաւագոյն յարաբերութիւններ ունեցած է Հայաս-տանի հետ («Ակօս», 1509):
***Հետեւեալ չորսն ալ ճիշդ եւ ընդունելի են, սակայն կայ մէկ, որ աւելի կը շոյէ մեր ականջը. ընդգծէ՛ զայն.
---Օրէնքը անխտիր բոլորին կը վերաբերի,- շեշտեց Աուն:
---Օրէնքը անխտիր կը վերաբերի բոլորին,- շեշտեց Աուն:
---Օրէնքը բոլորին կը վերաբերի անխտիր,-շեշտեց Աուն:
---Օրէնքը կը վերաբերի անխտիր բոլորին,-շեշտեց Աուն:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com