Մոսկուան պիտի պատասխանէ առկայ բոլոր միջոցներով Եւրոպայի յարձակման պարագային։ Այս մասին յայտարարած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Եթէ յանկարծ Եւրոպան մեր դէմ պատերազմի պատրաստուելու իր սպառնալիքներն իրականացնէ եւ սկսի յարձակիլ Ռուսիոյ Դաշնութեան վրայ, նախագահն ըսած է՝ այդ մեր կողմէ յատուկ ռազմական գործողութիւն պիտի չըլլայ, այլ պիտի ըլլայ լիարժէք ռազմական պատասխան մեր ունեցած բոլոր միջոցներով»,-ըսած է ան НТВ ալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։